Նոյեմբեր 9էն Դեկտեմբեր 7 երկարող օրերուն, Կլէնտէյլի «Սթարզ» թատրոնին բեմին վրայ էր նորէն «Մեղուներու խումբ»ը, այս անգամ «Ուաթս-ափ հայեր» կատակերգութիւնով, ղեկավարութեամբ հեղինակ եւ բեմադրիչ Զoհրապ Եագուպեանի: Դարձեալ հաւատարիմ իրենց սկզբունքին՝ «Մեղուներ»ը բեմ ելան զուարճութեան հաճելի պահերով ուրախացնելու հադիսատեսը: Հաճելի անակնկալ կը սպասուէր, որովհետեւ բեմին վրայ էր խումբին հիմնադիր անդամներէն եւ յատկապէս լիբանանահայ թատերասէր համայնքին լաւապէս ծանօթ դերասանուհի Մեխակ Եագուպեան:
Ներկայացումը սկսաւ Մեխակ Եագուպեանի ողջոյնի մենախօսութեամբ, ուր հանդիսատեսը կը հրաւիրուէր ուրախ ժամանակ մը անցընելու միասին, հոգ չէ, թէ «Մեղուներ»ու խայթոցներով, որոնք ցաւ կը պատճառեն, բայց միեւնոյն ատեն ունին բուժելու յատկութիւն: Ապա անոր անմիջապէս յաջորդեց «Մեղուներու»ն երգը, որ կը խտացնէ թատերախումբին նպատակը եւ ձեւով մը դարձած է խումբին քայլերգը՝ «Մենք մեղուներ այս համայնքին կ’ուզենք երգել, կ’ուզենք խայթել, բացայայտել, քննադատել, պոռալ, կանչել ճշմարտութիւն»:
Ընդհանուրին մէջ ժամանցային այս ներկայացումը կը պատկերէ Միջին Արեւելքէն արտագաղթող հայերուն «ողբերգութիւնը», երբ անոնք կ’իյնան իրենց կենցաղին հակասող, նոյնիսկ՝ հակադիր միջավայրի մը մէջ ու կը դառնան ծիծաղելի: Միջին Արեւելքէն եկած հայերուս դիմագրաւած խնդիրները բազմազան են ու բազմերես այս «մեղրի եւ կարագի» նոր հայրենիքին մէջ:
Զoհրապ Եագուպեան հեղինակը ունի մեզ շրջապատող դէպքերը եւ երեւոյթները դիտելու եւ յատկապէս անոնց մէջէն ծիծաղելին ընտրելու կարողութիւն: Այս անգամ նորէն իր «զոհերը» բոլոր դժուարութիւնները «յաղթահարելով» Ամերիկա հասած պուրճհամուտահայերն են, որոնց կենցաղը, սովորութիւնները գլխիվայր դարձած են բոլոր «բարիքները ընձեռող այս երկրին» մէջ:
Մեխակ Եագուպեան, Յարութ Սողոմոնեան, Կարօ Գալանճեան, Ծովիկ Եագուպեան եւ Զoհրապ Եագուպեան տիրական ներկայութիւն էին բեմին վրայ եւ հանդիսատեսը իր համակրանքը կ’արտայայտէր տեւական խնդուքով: Երկու տեսարաններէ բաղկացած «Ուաթս-ափ հայեր» կատակերգութիւնը գրեթէ երկու ժամ անդադար հաճելի պահեր պարգեւեց ներկաներուն:
Ժամանցային թատրոնը շատերու համար կը նկատուի արուեստի մակարդակով թերի, անլիարժէք թատրոն: Սա ճիշդ է, եթէ արուեստը ընդունինք միայն իր գեղարուեստական իւրայատկութիւններով, եւ կ’ունենանք «արուեստը արուեստին համար» բանաձեւը, որ կ’արտացոլէ արուեստի միայն մէկ կողմը: Որպէսզի արուեստը ըլլայ լիարժէք, անիկա պէտք է ունենայ նաեւ միւս կարեւոր յատկանիշը՝ գործնական թիրախ, եւ սպասարկէ որոշակի նպատակի, ընկերութեան առողջացումին եւ զայն դաստիարակելուն: Արուեստի որեւէ արտայայտութիւն եթէ չունի այս երկու կողմերը, չի կրնար լիարժէք արուեստ ըլլալ: Արուեստի այս երկրորդ յատկանիշով ալ կը ներկայանայ «Մեղուներու խումբ»ը «Ուաթս-ափ հայեր» կատակերգութեամբ:
«Մեղուներու խումբ»ը ծանօթ է թատերասէրներուն Պէյրութէն, «Փորձառական թատրոն» անունին տակ: Խումբը 70ական թուականներէն եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եղաւ այն թատերախումբերէն մէկը, երբեմն նոյնիսկ միակը, որ կենսունակ պահեց հայ բեմը: Զօհրապ Եագուպեանին բեմադրած ողբերգական թէ կատակերգական ներկայացումները՝ Սարոյեանէն մինչեւ Իպսէն եւ Կոկոլի դասական թատերգութիւնները, իսկ ժամանակակիցներէն՝ Արա Արծրունիի «Միալար երաժշտութիւն»էն մինչեւ Ս. Սարգիսեանի խայթող կատակերգութիւնները, ինչպէս՝ «Պուրճ Համուտ» շարքը, կը կազմեն «Փորձառական թատրոն»ին տարիներու վրայ տարածուող բազմատասնեակ ներկայացումները եւ հարիւրաւոր ելոյթները: Ատեն մը ետք, արդէն ժամանցային թատրոնի սեռին յատուկ կատակերգութիւններով «Մեղուներու խումբ»ը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը հայ բեմին:
2006ին «Մեղուներու խումբ»ը Կլէնտէյլի «Սթարզ» թատրոնի բեմին վրայ ներկայացուց «Արմինեըն քոքթէյլ» ներկայացումը, որ այնպիսի ժողովրդականութիւն վայելեց, որ խումբը հրաւէրներ ստացաւ ինչպէս Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէն՝ Շիքակօ, Տիթրոյիտ, Ֆրեզնօ, Արիզոնա, նոյնպէս եւ Աւստրալիայէն ու Քանատայէն: Խումբը պիտի մեկնէր Լիբանան, բայց քաղաքական անբարենպաստ կացութեան պատճառով պէյրութեան ներկայացումները առկախուեցան:
Այս տարի եւս կը նախատեսուի նման շրջապտոյտ վերջին՝ «What’s-up Hye-եր» ներկայացումով:
Խումբին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ նաեւ լուրջ բեմադրութիւններով հանդիսատեսին ներկայանալու խիզախութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ժամանցի կողքին մեր համայնքի մշակութասէր հասարակութիւնը նաեւ կարիքը ունի իսկապէս բարձրամակարդակ արուեստի գործերու:
Խումբը արդէն ելոյթ ունեցած է Ֆրեզնոյի մէջ: