12 Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ՔՈՓ 29ի ղեկավարներու վեհաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պաշտպանեց հանածոյ վառելանիւթերը, այսինքն` նաւթը եւ կազը շահագործելու իրաւունքը` զանոնք «Աստուծոյ պարգեւ»ը անուանելով:
«Ասիկա «Աստուծոյ պարգեւն» է: Իւրաքանչիւր բնական պաշար՝ ըլլայ անիկա նաւթ, կազ, քամի, արեւ, ոսկի, արծաթ թէ պղինձ, այդ բոլորը բնական պաշարներ են: Եւ երկիրները պէտք չէ մեղադրուին զանոնք ունենալնուն համար եւ պէտք չէ մեղադրուին այդ պաշարները շուկայ հանելնուն համար, որովհետեւ անոնք անհրաժեշտ են ժողովուրդին», ըսաւ Ալիեւ։
Ան նաեւ յիշեցուց, որ իրենց ունեցած նաւթը եւ կազը անհրաժեշտ են նաեւ Եւրոպային` աշխարհաքաղաքական վիճակի փոփոխութեան պատճառով, եւ որ ինքնին Եւրոպական յանձնաժողովին առաջարկով իրենք կնքած են ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիրը:
Ալիեւ մեղադրեց արեւմտեան որոշ երկիրներ, բնապահպան եւ հասարակական կազմակերպութիւններ ՔՈՓ 29ը Պաքուի մէջ իրականացումը խափանելու փորձերուն համար, որովհետեւ մինչ այս կ՛ուղղուէին կոչեր` չերթալ մարդու իրաւունքները ոտնահարող, բնապահպանական բազմաթիւ խախտումներով նաւթ արտադրող Ատրպէյճան: Ալիեւ մեղադրեց երկակի չափանիշներու մէջ` առանց արեւմտեան երկիրներու, կամ այլ կազմակերպութիւններու անուններ տալու:
Ալիեւ իր խօսքին մէջ չշրջանցեց նաեւ Հայաստանը եւ Արցախը։ Ան խօսեցաւ միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն մասին, որոնք, ըստ իրեն, «թուղթի վրայ մնացած էին 30 տարիներ», բայց իրենք իրականացուցին այդ բանաձեւերը:
Ան միջազգային վեհաժողովին հարթակը օգտագործեց դարձեալ մեղադրելով Հայաստանը «30 տարուան բռնագրաւումի մէջ ու շեշտեց իրենց յաղթանակը Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին»:
«Մէկ տարի առաջ մենք ամբողջութեամբ վերականգնեցինք մեր ինքնավարութիւնը ՄԱԿի կանոնադրութեան, միջազգային իրաւունքին եւ համապատասխան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն, որոնք 30 տարիներ թուղթի վրայ մնացած էին», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ «իրենք վերականգնեցին միջազգային իրաւունքը, արդարութիւնը եւ վերջ տուին հայկական բռնագրաւումին»։
Ասոր զուգահեռ Հայաստան-Ատրպէյճան կապերուն մասին խօսեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ ըսելով. «Կան կարեւոր կէտեր, զորս տակաւին պէտք է համաձայնեցնել»:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ» լրատու գործակալութեան՝ ան դիտել տուաւ, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը մինչեւ այս տարեվերջ կախեալ է Հայաստանէն` նշելով, թէ պայմանագիրի նախագիծի հիմնական կէտերը համաձայնեցուած են:
Պայրամով ընդգծեց, թէ խաղաղութեան բանակցութիւններուն նախաձեռնողը ատրպէյճանական կողմն է. իրենք վճռականօրէն տրամադրուած են բանակցութիւնները աւարտին հասցնելու:
«Այս գործընթացը կախեալ է երկու կողմերէն: ՔՈՓ 29ին չմասնակցիլը անոնց (Հայաստանի) համար կորսուած առիթ է», յայտնեց Պայրամով: