Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու՝ Ասթանայի հերթական բանակցութիւններու աւարտին, յայտարարութիւն մը հրապարակեցին Թուրքիա, Ռուսիա եւ Իրան, որոնք գործընթացին երաշխաւոր երկիրները կը հանդիսանան։
Համատեղ ամփոփիչ յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի՛, որ երաշխաւորները կարեւորութիւն կ՛ընծայեն Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն եւ շփումներու վերսկսման նկատմամբ։
Վերջին բանակցութիւններուն լոյսին տակ, կողմերը կընդգծեն, որ փոխադարձ յարգանքի, բարի կամքի եւ բարի դրացիութեան հիման վրայ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու վերականգնման ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ նպատակ ունենալով պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ։ Նոյն պարունակին մէջ կը մատնանշուի ՄԱԿի մասնակցութեամբ սուրիացի գաղթականներուն ապահով, կամաւոր եւ արժանապատիւ վերադարձին համար պատշաճ պայմաններ ստեղծելը։ Աւելին, յայտարարութեան մէջ կը խօսուի քաղաքական գործընթացի մը աշխուժացման մասին՝ ապահովելով բոլոր սուրիացիներուն առանց խոչընդոտի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելը։
«Վերահաստատեցինք Թուրքիա-Սուրիա շփումներու վերականգնման կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներուն միասնականութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ սկզբունքներու խստիւ պահպանման հիման վրայ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը դատապարտուին Կազայի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները։