Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Անա Օլիվերա, Ուրուկուէյի նախկին նախագահներ Խուլիօ Մարիա Սանկինեթթի եւ Լուիս Ալպերթօ Լաքաժէ Էրերա, 45 պատգամաւոր եւ 4 ծերակուտականներ կոչ ուղղեցին Ատրպէյճանին՝ բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները ազատ արձակելու:
Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը հաղորդէ, որ վերոնշեալ քաղաքական գործիչները այս գծով հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացը եւ կարեւոր կը նկատենք յարգանքը երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ` մարդասիրական հարցերու լուծումը: Այս պարունակին մէջ, կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանին՝ ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան տարեկան հեղինակաւոր համաժողովը` ՔՈՓ 29ը հիւրընկալող երկրին անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները`այդպիսով իսկ ամրապնդելով երկու կողմերուն միջեւ վստահութիւնը հաշտեցման այս պատմական պահուն: Նոյն ատեն կ՛ընդգծենք ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութիւնը եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն եւ ատելութեան խօսքէն զերծ մնալու կարեւորութիւնը` տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման չխոչընդոտելու համար»։