
Պոլսոյ հայոց Սահակ Բ. պատրիարք հօր օրհնութեամբ, Հաթայի (Ալեքսանտրեթ, Հայաշէն) եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան 2 Նոյեմբերին մեկնեցաւ Տիգրանակերտ:
Տէր հայրը Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց պատարագ մը եւ քարոզեց։
Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները:
3 Նոյեմբերին, տէր հայրը այցելեց Խարբերդ, ուր տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատուռին մէջ մատուցեց պատարագ մը։

Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները եւ Ֆրանսայէն հիւրաբար Խարբերդ գտնուող հաւատացեալներ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, տէր հայրը զրուցեց ներկաներուն հետ:
Տիգրանակերտի եւ Խարբերդի հայերը շնորհակալութիւն յայտնեցին պատրիարք հօր, որ բարի եղաւ ուղարկելու տէր հայրը, որ իր կարգին հոգեւոր արարողութիւններով եւ քարոզով մխիթարեց զիրենք։
(Թղթակցութիւնը՝ պատրիարքարանէն)