
ԾՈՎԻՆԱՐ
Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ «Գարակէօզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մշակոյթին նուիրուած բացառիկ հանդէս մը, մասնակցութեամբ բոլոր աշակերտներուն եւ ներկայութեամբ աւելի քան 200 ծնողներու:
Հանդէսին բացումը կատարեցին աւագ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք անդրադարձան գիրերու գիւտին եւ Ոսկեդարուն կերտուած թարգմանական գրականութեան՝ յիշելով Աստուածաշունչի «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչումը, ապա խոր ապրումով արտասանեցին Մուշեղ Իշխանի «Հայ Լեզուն Տունն է Հայուն» տպաւորիչ բանաստեղծութիւնը:
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան այլ դասարաններ. մանկատի աշակերտներ երգեցին հայոց այբուբենին նուիրուած երգեր, մինչ պատանիները արտասանեցին մայրենի լեզուին նուիրուած գեղեցիկ գոհարներ, ինչպէս՝ Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք իմ Որդուն»ը, Համօ Սահեանի «Յորդոր Հայ Տղուն», իսկ երէցներու այլ խումբ մը խրոխտ շարժումներով պարեց հայկական «Եարխուշտա»ն:

Կ՛արժէ գնահատանքով արձանագրել, որ սրահի մուտքին ներկայացուած էր հայ մշակոյթի փոքր ցուցահանդէս մը:
Սեղաններու վրայ տեղադրուած էին հայկական ձեռարուեստի նմոյշներ, ժողովրդական գործիքներ, հայկական ուտեստի նմոյշներ ինչպէս՝ ցորեն, լաւաշ եւ հայկական գաթան:
Խումբ մը աշակերտներ իրենց գլխուն վրայ կը կրէին ցորենի հասկերով կազմուած գիսակներ, ոմանք ալ աշխոյժ կերպով կը ներկայացնէին ցուցադրուած իրերը եւ անոնց հայկական ծագումը:
Մշակոյթի օրուան առիթով խօսք առաւ վարժարանի փոխտնօրէն Րաֆֆի Մելքոնեան, որ իր արտասանած խօսքին մէջ թուեց, թէ ի՛նչ բաներէ կը բաղկանայ ազգի մը մշակոյթը: Անոնք ազգային հաւաքական բոլոր յատկութիւններն են՝ արուեստ, հաւատալիքներ (կրօնական պատմութիւններ, առասպելներ, հաստատութիւններ՝ տաճար, եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, գիւղ եւ գիւղի կալը), սովորութիւններ՝ (տարազ, պար, կերակուր, պարէն) , ժողովրդական գրականութիւն (երգ, երաժշտութիւն, հեքեաթ, ասացուածք, հանելուկ, շուտասելուկ եւ այլն: Ուրեմն, մեր մշակոյթը մեր ազգութիւնն է եւ մշակոյթը կը պահպանուի գլխաւորաբար լեզուի միջոցով:
«Բայց մշակոյթն ու ազգութիւնը որեւէ շօշափելի արժէք կը ներկայացնե՞ն», հարցուց Մելքոնեան եւ պատասխանեց՝ ըսելով. «Անշուշտ, ազգութիւնը բացի բարոյական մեծ արժէք ըլլալէ, նաեւ կ՛առաջնորդէ միասնութեան եւ հաւաքական ուժի: Մեր քաղաքն ու գիւղը, հողն ու հայրենիքը եւ հայրենի հարստութիւնը պաշտպանելու համար մենք կարիք ունինք ամբողջ ժողովուրդի միասնականութեան եւ այդ մէկը կարելի է ձեռք բերել միայն մեր նմաններուն հետ միանալով: Ինչպէս ըսինք, մեր նմանները միայն կը կիսեն մեր ցաւերը, մեր լեզուն, անցեալը եւ ապագայի երազանքները, եւ յատկապէս ամէնէն թանկարժէք հարստութիւնը՝ հողն ու հայրենիքը: Ինչպէս կը տեսնենք, մշակոյթը կը հանդիսանայ նիւթական հարստութեան պաշտպանութեան հիմքը»:


Ան նաեւ փոխանցեց այն գաղափարը, թէ մշակոյթը սերունդներուն չի փոխանցուիր ժառանգականութեամբ կամ կենսաբանականօրէն (biologically), այսինքն արիւնով՝ ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը, ոչ ալ մեր ծիներով(genes), DNA-ով: Մելքոնեան, իր խօսքը աւարտելով՝ ըսաւ, թէ մեր մշակոյթը, լեզուն եւ ազգութիւնը կարելի է փոխանցել սերունդներուն միայն դաստիարակելով եւ սորվեցնելով, թէ Հայկական Սփիւռքի գոյութիւնը պայմանաւորուած է իր մշակոյթի եւ լեզուի պահպանումով. Օրինակ մը բերելով՝ ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւրս կրնայ տուն մը ունենալ Լոս Անճելըսի մէջ, Ֆրեզնոյի կամ Երեւանի մէջ, որ միայն իրեն յատուկ է, բայց կայ տուն մը, ուր կրնանք բնակիլ աշխարհի որ ծայրն ալ որ ըլլանք, այդ ալ մեր մայրենի լեզուն է: Ան կրկնեց քառեակ մը վարժարանիս աւագ աշակերտներուն արտասանած Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծութենէն.
«Հայ լեզուն տունն է հայուն
Աշխարհի չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ
Իբրեւ տանտէր հարազատ»:
Հանդէսին աւարտին, ծնողները ոգեւորութեամբ մեկնեցան սրահէն՝ դարձեալ իրենց երախտիքի խօսքերը փոխանցելով ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան: