17 Նոյեմբերին, Արդարադատութեան միջազգային դատարանը ամրագրեց Լեռնային Ղարաբաղէն հարկադրաբար հեռացած հայերուն` իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը: Մէկ տարի ետք, Ատրպէյճանին ուղղուած այս հրամանը կը մնայ անկատար: Այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ հայերէնով գրած է Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի:
«Ֆրանսիան ոչինչ չի մոռանում եւ ոչինչ չի զիջի` ոչ նրանց վերադարձի իրաւունքի, ոչ էլ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցում», գրած է Տըքոթինյի։