Իրան եւ Ռուսիա կը բանակցին ռուսական չափանիշներով երկաթուղիի մը կառուցման շուրջ` Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ գտնուող իրանեան Փարսապատ քաղաքէն մինչեւ Արաբական ծոցի ափին գտնուող իրանեան մեծագոյն նաւահանգիստը՝ Պանտար Ապպաս: «Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարեց Մոսկուայի մօտ Իրանի դեսպան Քազեմ Ճալալի: Անոր խօսքերը մէջբերեց Իրանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Բացի Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիէն, ռուսերը կ՛ուզեն ներդրումներ կատարել Փարսապատէն մինչեւ Պանտար Ապպաս ռուսական չափանիշներով երկաթուղիի մը կառուցման մէջ», յայտնեց Ճալալի Թեհրանի մէջ, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ հանդիպումին ընթացքին: «Երկաթուղիներու հիւսիսէն հարաւ ընդլայնումը օգուտ կը բերէ երկրի ժողովուրդին ու տնտեսութեան եւ կրնայ բաւարարել Ռուսիոյ եւ Իրանի տնտեսական կարիքները», ըսաւ Փեզեշքեան, որ թելադրած է արագացնել Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիին կառուցումը: