«Ազգերու լիկա» ֆութպոլի մրցաշարքի 6րդ հանգրուանի մրցումներուն Հայաստան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Լաթվիոյ մէջ՝ գրաւելով 2րդ դիրքը եւ հասաւ Բ. կարգ բարձրանալու զտումի հանգրուանը:
Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Հայաստանի ազգային խումբը բաւական «պաղ» կիսախաղէ մը ետք, Բ. կիսախաղին համեմատաբար աւելի լաւ խաղցաւ եւ 48րդ վայրկեանին կօլ մը նշանակեց՝ շնորհիւ Էտուարտ Սփերձեանի, որ օգտուեցաւ Լուքաս Զելարայեանի օդային փոխանցումէն եւ գլուխով նշանակեց անզսպելի հարուածով մը:
70րդ վայրկեանին Ռոպերթց Ուլտրիքիս նշանակեց Լաթվիոյ հաւասարութեան կօլը։
Հազիւ 3 վայրկեան անցած, Արթուր Միրանեան նշանակեց յաղթանակի կօլը: