ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Նոյեմբերի երկրորդ շաբաթավերջը բեղուն եղաւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին համար, որուն ներկայացուցիչները հայրենիքի մէջ նշեցին միութեան 106ամեակը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի 35ամեակը եւ միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովով ճշդեցին միութեան յառաջիկայ հանգրուանի գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները։
ՀամաՀՄԸՄական յիշեալ նախաձեռնութիւնները կանխեցին 2023-2027 քառամեակի Կեդրոնական վարչութեան երկրորդ լիագումարի նիստերը, որոնք տեղի ունեցան 13 եւ 14 Նոյեմբերին, Երեւան։ Նիստերը քննեցին միութեան անցնող մէկ տարուան գործունէութեան զանազան մարզերը եւ հաստատեցին միջմիութենական ձեռնարկներուն յաւելեալ թափ տալու եւ բոլորը աւելի յաճախակի կերպով իրարու քով բերելու անհրաժեշտութիւնը, այս իմաստով օգտակար փորձառութիւն նկատելով Եւրոպայի ցամաքամասի Ա. բանակումին իրագործումը (Շուէտ), սկաուտական խմբապետական Թ. համագումարը (Եգիպտոս), քարոզչական առցանց երկրորդ համագումարը եւ շրջաններու ատենապետներու եռամսեայ առցանց ժողովները։ Ժողովը դրական գնահատեց Կեդրոնական վարչութեան եօթը յանձնախումբերու (սկաուտական կորիզ, մարզական, քարոզչական, տնտեսական, «մարքեթինկ»ի, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան) հետեւողական եւ աշխոյժ աշխատանքները։
Լիագումար նիստերը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան ՀՄԸՄի «Արցախ հիմնադրամ»ի ծրագիրներուն, որոնք անցնող շրջանին մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւններէ անդին՝ նպաստեցին արցախցի 850 մանուկներու ամառնային դաստիարակչական ճամբարներու իրագործման եւ ՀՄԸՄի Արցախի վտարանդի Մեկուսի շրջանի աշխատանքներուն ծաւալման։
Սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներու վերաշխուժացումը եւ արդիականացումը իրենց նկատառելի տեղը ունեցան լիագումար նիստերու օրակարգին վրայ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջաններու մէջ կատարուող աշխատանքներու, որոնց մեծագոյնը ՀՄԸՄ-Ֆրանսի՝ Փարիզի մէջ մարզահամալիրին իրագործումն է։ Մարզահամալիրին բացումը նախատեսուած է 5 Ապրիլ 2025ին։
Կեդրոնական վարչութեան երկրորդ լիագումարը լայնօրէն արծարծեց միութեան քարոզչական համակարգի ստեղծման հրամայականը՝ հանրային կապերու մարմինին աշխոյժ գործունէութեամբ, նոր կայքի եւ գրասենեակի ստեղծումով եւ շրջաններու մէջ հանրային կապի մարմիններու կազմութեամբ։ Նպատակայարմար նկատուեցաւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը նաեւ ներկայացնել առցանց՝ բազմալեզու բովանդակութեամբ։
Վերջապէս, լիագումար նիստերը շեշտեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան տնտեսական հզօրացման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ իմաստով հաստատեցին տնտեսական յանձնախումբին առաջարկը՝ 2026ի ամրան նաւապտոյտ մը կազմակերպելու Եւրոպայի մէջ։
Լիագումար նիստերը ճշդեցին նաեւ յառաջիկայ հանգրուանի միութենական ձեռնարկներու թուականները՝ ՀամաՀՄԸՄական 12րդ մարզախաղեր (Յուլիս 2025, Երեւան), Ամերիկեան եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասերու բանակում (Յուլիս 2025, Լոս Անճելըս), ՀամաՀՄԸՄական 13րդ բանակում (2026ի ամրան), ՀամաՀՄԸՄական ցամաքամասային մարզախաղեր (2027ի ամրան)։
Լիագումար նիստերուն առընթեր, Կեդրոնական վարչութիւնը աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ ՀՄԸՄի Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութիւններուն հետ, կազմակերպեց միջդիւանական խորհրդաժողով մը, հանրային կապերու մարմինը նախաձեռնեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը, իսկ Երեւան ժամանած պատուիրակութիւնները մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի 35ամեակի տօնակատարութեան եւ սկաուտական հանդիսութեան, այցելեցին Եռաբլուր, Ծիծեռնակաբերդ եւ Ս. Էջմիածին, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին մահացած եւ նահատակուած ՀՄԸՄականներու յիշատակին։
ՀՄԸՄի 106ամեակին զուգադիպող եւ հայրենիքի ու Միջին Արեւելքի տագնապալի պայմաններուն մէջ կատարուող ՀամաՀՄԸՄական այս նախաձեռնութիւնները անգամ մը եւս փաստը տուին հայութեան «կամաւոր բանակ»ին կենսունակութեան եւ միշտ յառաջ ընթանալու վճռականութեան, յաղթահարելով իր շրջապատի աննպաստ բոլոր պայմանները եւ մեր ժողովուրդին դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Երեւան, 20 Նոյեմբեր 2024