Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ապպաս Արաղչիի վերջին 10 օրերուն ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով հեռաձայնային զրոյց ունեցան:
Միրզոյեան «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Արաղչիի հետ քննարկեց օրակարգային թեմաներ, որոնց կարգին Հայաստան-Իրան ընդլայնուած երկկողմ գործակցութիւնը այն ոլորտներուն մէջ, «որոնք կարող են հետագայում օգուտ բերել քաղաքացիներին»: