Ատրպէյճանի սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Արազ Մամետով յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը ծրագրէ իր անցած չորս գիւղերու մէջ սահմանային նոր անցարգելներ կառուցել։
Ըստ անոր՝ շինարարութիւնը նախատեսուած է սկսիլ յաջորդ տարի:
Տաւուշ -Ղազախ հատուածին մէջ գարնան սահմանազատում կատարուեցաւ: Այս պահուան դրութեամբ՝ կան 12.6 քմ. սահմանազատուած տարածք մը եւ 43 սիւներ: Շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին Երեւան եւ Պաքու աւարտեցին գործընթացը, որ Հայաստանի մէջ ընդունուեցաւ բողոքի ցոյցերով, իրաւապահներու եւ քաղաքացիներու բախումներով:
Նշենք, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը շուրջ 1000 քիլոմեթր է: