ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրականացուող դատաիրաւական բարեփոխումներու ծիրէն ներս եւ դատական օրէնսգիրքի պահանջով, 2008ի Յունուար 1էն սկսեալ դադրեցաւ տնտեսական դատարանի գործունէութիւնը եւ սկսաւ գործել վարչական դատարան, իսկ առաջին ատեանի դատարանները վերանուանուեցան ընդհանուր իրաւասութեան դատարաններ:
Առաջին ատեանի դատարաններու դատաւորները եւ դատարաններու նախագահները կը շարունակեն պաշտօնավարել համապատասխան ընդհանուր իրաւասութեան դատարաններու դատաւորներու եւ դատարաններու նախագահներու պաշտօններով:
Ըստ դատաիրաւական բարեփոխումներու ծրագիրներու իրականացման գրասենեակի տնօրէն Արթուր Թունեանի, բոլոր մարզերու նստավայրերուն մէջ պիտի գործեն ընդհանուր իրաւասութեան դատարաններ, որոնք կը քննեն ե՛ւ քրէական, ե՛ւ քաղաքացիական գործերը: Պիտի ըլլան նաեւ վեց տարածաշրջանային քրէական եւ քաղաքացիական գործերով մասնագիտացուած դատարաններ:
2008ի Յունուար մէկէն սկսաւ գործել նաեւ դատական կարգադրիչներու ծառայութիւնը, որ յանցաւոր եւ հակաիրաւական այլ ոտնձգութիւններէն կ’ապահովէ դատաւորի, դատավարութեան մասնակիցներու եւ այլ անձերու կեանքի, առողջութեան եւ արժանապատուութեան, իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութիւնը: