
Պաշտօնական այցելութեամբ Հաաստան գտնուող Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու նահատակներու յիշատակին:
Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Տուտա Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութիւնը կարեւոր նկատեց: Ան նաեւ շեշտեց, որ Լեհաստան պատրաստ է աջակցելու Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
Տուտա անդրադարձաւ տարածաշրջանին անկայուն իրավիճակին՝ նշելով, որ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ իրականացուող յարձակումը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ Կովկասի վրայ: Ան ընդգծեց, որ հակամարտութիւններու խաղաղ լուծումը առաջնահերթ է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ եւրոպական տարածաշրջանին համար:
Տուտա տեղեկացուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը քննարկած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:


«Կը փափաքիմ, որ հայերը խաղաղ ապրին իրենց հողին վրայ՝ յստակ եւ կայուն սահմաններու մէջ: Խաղաղութիւնը կարեւոր է նաեւ, անշուշտ, եւրոպական տարածաշրջանին համար, եւ մենք պատրաստ ենք օգնելու, եթէ անոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ», յայտնեց Տուտա:
Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեան անդրադարձաւ Հայաստան-Լեհաստան յարաբերութիւններու կարեւորութեան եւ պատմական հիմքերուն: «Ձեր պաշտօնական այցը Հայաստան եւս մէկ ապացոյց է ինչպէս մեր երկու ժողովուրդների բարեկամութեան, այնպէս էլ Հայաստան-Լեհաստան համագործակցութեան կարեւորութեան հաւաստման համատեքստում: Ուրախ եմ, որ այսօր հնարաւորութիւն ունեցանք արդիւնաւէտ քննարկելու տարբեր բնագաւառներում հայ-լեհական երկկողմ համագործակցութեանն առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախանշել փոխադարձ համագործակցութեան հեռանկարային դատողութիւններ: Վստահ եմ, որ այցի ընթացքում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները նոր որակ կը հաղորդեն երկկողմ յարաբերութիւններին», ընդգծեց Խաչատրեան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լեհաստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան՝ լեհահայ համայնքին հանդէպ բարեսիրտ վերաբերմունքին եւ հիւրընկալութեան համար, ինչպէս նաեւ դրուատեց երկկողմ գործակցութեան ներկայ մակարդակը:
«Լեհաստանը՝ որպէս Եւրամիութեան խորհրդի գալիք նախագահող, Արեւելեան գործընկերութեան ճարտարապետ այսօր էլ կարեւոր եւ վստահելի գործընկեր է Հայաստանի համար ինչպէս երկկողմ, այնպէս էլ բազմակողմ հարթակներում, մասնաւորապէս՝ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համատեքստում: Քաղաքական երկխօսութեան կարեւոր բաղադրիչներից է խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը եւ գոհացուցիչ է այսօր մեր պետութիւնների օրէնսդիր մարմինների միջեւ առկայ ակտիւ փոխգործակցութիւնը», յայտնեց Խաչատրեան:
Տուտա իր կարգին դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մերձեցումը՝ եւրոպական ընտանիքին եւ եւրոպական քաղաքականութեան կը նպաստէ Հայաստան-Լեհաստան յարաբերութիւններու խորացման: «Լեհաստան պատրաստ է Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու՝ բոլոր այն ոլորտներուն մէջ, ուր զարգացման մեծ ներուժ կայ», ըսաւ Տուտա, որ յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին նախագահութիւնը ստանձնելէ ետք, Լեհաստան մտադիր է իրագործել բոլոր ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնց կարգին ջանքեր գործադրել Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութեան վիզաներու ազատականացման գործընթացը յառաջ մղելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շատ կարեւոր նկատեց Լեհաստանի նախագահին այցելութիւնը՝ Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը խթանելու գծով, եւ դիտել տուաւ, որ խորքին մէջ կայ յարաբերութիւններու զարգացման շատ մեծ ներուժ, որ ամբողջութեամբ չէ օգտագործուած:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Լեհաստանի քաղաքական, տնտեսական, զբօսաշրջութեան, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ ընդլայնումը: Կողմերը ընդգծեցին առեւտրական-տնտեսական կապերու խթանման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Փաշինեան Տուտային ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ քննարկումներու վերջին զարգացումները եւ հայկական կողմին սկզբունքային դիրքորոշումները՝ շեշտելով, որ Հայաստան հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին: