Ռուսիա կը յարգէ Հայաստանի ինքնուրոյն ուղին, որուն միջոցով անիկա դադրեցուցած է իր աշխոյժ մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ:
Ըստ «Թասս»ի՝ այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով: «Մենք կասկածի տակ չենք դներ մեր հայ պաշտօնակիցներուն՝ իրենց ուղին ինքնուրոյն որոշելու իրաւունքը», յայտնեց ան՝ նոյն ատեն աւելցնելով, թէ իրաւականօռէն Երեւան կը մնայ ՀԱՊԿի լիիրաւ անդամ եւ այդպիսով կը պահպանէ բոլոր համապատասխան իրաւունքները եւ պարտականութիւնները:
Ուշաքով նաեւ աւելցուց, որ ՀԱՊԿի դռները Հայաստանի համար միշտ բաց են:
«Մենք յոյս ունինք, որ վաղ թէ ուշ Հայաստանի ներկայացուցիչները կը վերսկսին համագործակցիլ այս կազմակերպութեան ծիրին մէջ», եզրափակեց Ուշաքով: