10 Դեկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Էքս»ի իր էջին վրայ անդրադարձաւ Հայաստանի Սահմանադրութեան՝ հաստատելով, որ անոր մէջ դրացիներէն տարածքային պահանջներ չկան։
«Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը 2024 թուականի Սեպտեմբերի 26ի իր որոշման մէջ նշել է, որ Սահմանադրութեան նախաբանում Անկախութեան հռչակագրի յղումը վերաբերում է բացառապէս հռչակագրի այն դրոյթներին, որոնք ամրագրուած են Սահմանադրութեան յօդուածներում: Հայաստանի Սահմանադրութեան ոչ մի դրոյթ տարածքային պահանջներ չի պարունակում հարեւան երկրների նկատմամբ», գրած է Փաշինեան։
Սակայն, Պաքու կը շարունակէ պնդել հակառակը՝ հաստատելով, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան համար Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը հիմնական կէտ մըն է ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետով «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հիմնական խոչընդոտները» նիւթով նախաձեռնութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար խոչընդոտներ կան: «Երբ Ատրպէյճան 2020ին իր տարածքները ազատագրեց բռնագրաւումէն, 2021ին Պաքուն առաջին անգամ խաղաղութեան առաջարկներ ներկայացուց Հայաստանին: Պատերազմին յաղթած երկիրը երբեք հակառակ կողմին խաղաղութեան առաջարկ չի կատարեր, բայց մենք ըրինք: Մենք պատրաստեցինք խաղաղութեան մասին հիմնարար սկզբունքներ: 2020էն 2022 մենք չէինք գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ Հայաստան: Յետոյ մենք համապարփակ քննարկումներ ունեցանք: Անոնք տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի մէջ, փորձեցինք խաղաղութեան համաձայնագիր մը մշակել: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար կան երկու հիմնական խոչընդոտներ՝ մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներն են, որոնք արտացոլացուած են նաեւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Հոն կը նշուի, որ Ղարաբաղը Հայաստանի մաս է: Երկրորդ խոչընդոտը այն է, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները տարբեր դիրքորոշումներ ունին», ընդգծեց Մամետով ` առանց մանրամասներ տալու, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը:
Երեւան Սահմանադրութիւնը փոխելու՝ Պաքուի պահանջը Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ կը նկատէ։