ՀԱՊԿի անդամ երկիրները, որոնք չեն կատարեր կազմակերպութեան ֆինանսաւորման իրենց պարտաւորութիւնները, կրնան զրկուիլ ձայնի իրաւունքէն, յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ըստ անոր՝ այդպիսի քայլի մը հիմք կրնայ հանդիսանալ երկու տարիներ չվճարուած պարտքը: «Այս մօտեցումը կը նմանի ՄԱԿի դրութեան», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով, որ ՀԱՊԿի ֆինանսաւորումը պարտադիր է բոլոր մասնակցող երկիրներուն համար, իսկ կազմակերպութեան պիւտճէն կը ձեւաւորուի մասնաբաժինով կատարուած վճարումներու միջոցով:
«Ռուսիա կը հոգայ ՀԱՊԿի պիւտճէին կէսը, իսկ միւս մասնակցողները` 10ական տոկոսով: Վճարումներու մերժումի կամ ուշացումի որեւէ ձեւ չի նախատեսուիր: Ընթացիկ տարուան համար չփոխանցուած գումարները կը համարուին պարտք», նշեց Զախարովա, ըստ որուն, երկու տարիներու պարտքի պարագային, պետութիւնը կրնայ զրկուիլ ՀԱՊԿի մէջ ձայնի իրաւունքէն: