Աշխարհահռչակ արժանթինցի ֆութպոլիստ Լիոնէլ Մեսսի Պաքու իր այցելութեան շրջագիծին մէջ, Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբերին այցելեց երկրին նախորդ բռնատէր Հայտար Ալիեւի դամբարանը եւ խոնարհեցաւ անոր շիրիմին առջեւ։
Մեսսիի այս քայլը բնականաբար մեծ յուսախաբութիւն եւ վրդովում յառաջացուց հայկական աշխարհին մէջ։ Շատերու համար ան այսպիսով մեղսակից դարձած կ՛ըլլայ Ատրպէյճանին, որ Արցախի հայ բնակչութեան ցեղասպանութեան ծանր պատասխանատուութիւնը կը կրէ իր ուսերուն։