Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հաստատեց, որ Ռուսիա ամէն ինչ ըրաւ եւ պիտի ընէ, որպէսզի Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բարձրագոյն մակարդակի ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչուին՝ շեշտելով անոնց կարեւորութիւնը։
«Մոսկուա կը մնայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու, խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկի հաղորդակցութեան կապերը ապաշրջափակելու կողմնակիցը: Մենք նաեւ հանդէս կու գանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շուտափոյթ սահմանազատման եւ սահմանագծման, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ նոր հիմերու վրայ կապերու համակողմանի զարգացման օգտին», ըսաւ Կալուզին։