Պաքու կ՛այցելէ ՆԱԹՕի ռազմական քոլեճի ղեկավար Մաքս Նիլսընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ ՆԱԹՕի բարձրաստիճան պաշտօնեային գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպեցաւ այդ երկրի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Քերիմ Վալիեւ: Ըստ նոյն աղբիւրին` կողմերը քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ ՆԱԹՕի միջեւ գործակցութեան զարգացման հեռանկարները: