Հանրային ծառայութիւններ կարգաւորող յանձնաժողովը բաւարարեց «Սթարլինք Էյ.էմ.» ընկերութեան դիմումները։ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան յոյս ունի, որ հետագայ ամիսներուն պիտի աւարտի նաեւ փորձարկման փուլը, եւ ծառայութիւնը ամբողջութեամբ պիտի օգտագործուի։
Մխիթար Հայրապետեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Դեկտեմբերի 4ի եւ Դեկտեմբերի 13ի` Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովում կայացած նիստերի որոշումներով` բաւարարուել են ՀՀ տարածքում «Ստարլինկ Էյ.էմ.» ընկերութեան յայտերը` 1. Հանրային ելեկտրոնային հաղորդակցութեան ցանցի շահագործման լիցենզիայի (արտօնագիրի) թոյլտուութիւն տրամադրելու վերաբերեալ, 2. Արբանեակային կապի գլոբալ (համաշխարհային) համակարգերով շահագործուող հանրային ելեկտրոնային հաղորդակցութեան ցանցի կազմակերպման համար երկրորդական հիմունքներով ռադիօյաճախականութիւնների տիրոյթների օգտագործման թոյլտուութիւն տրամադրելու վերաբերեալ: Այսպիսով` լիցենզաւորումը եւ թոյլտուութիւնները տրամադրուած են, եւ այժմ թեւակոխում ենք թեստաւորման (փորձարկման) փուլ, որը, լիայոյս եմ` մօտակայ ամիսներին կ՛աւարտուի, եւ ծառայութիւնն ամբողջութեամբ կը շահագործուի»։