Ըստ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Թուրքիա կանգնած է Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալած զինեալ ապստամբներուն ետին: Երկուշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ան պնդեց, թէ Անգարա «անբարեացակամօրէն գրաւած է» իր դրացիին երկիրը:
«Սուրիոյ բանալին Թուրքիոյ ձեռքն է։ Թուրքիա շատ մեծ ուժ մըն է», ըսաւ Թրամփ՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան «խելացի է եւ շատ հզօր, ազդու բանակ մը կառուցած է: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ ո՛վ կեցած է (Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն) ետին, բայց ես գիտեմ՝ Թուրքիան է: Անոնք այդ (Սուրիան) կ՛ուզէին հազարաւոր տարիներէ ի վեր եւ ստացան իրենց ուզածը: Մարդիկ, որոնք մուտք գործեցին Սուրիա, կը վերահսկուին Թուրքիոյ կողմէ»։
Ըստ Թրամփի՝ այժմ ՆԱԹՕի դաշնակից Թուրքիոյ հետ Ամերիկա կրնայ Սուրիոյ մէջ աւելի ազդու ըլլալ: