Չարաբաստիկ օրն ու ժամը գամուած է լիբանանահայ որոշ սերունդի մը միտքերուն մէջ։ Օրը-օրին քսանհինգ տարիներ առաջ, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի համեմատաբար երկար՝ վերջնական թուող դադարի մը ընթացքին, երբ ամէն մարդ կը պատրաստուէր տօնական օրերը վայելելու, լուրը արագօրէն տարածուեցաւ. ընկեր Աբօ առեւանգուած էր առաւօտուն իր տունէն մեկնելէն անմիջապէս ետք, իսկ իր ինքնաշարժը աւելի ուշ գտնուած էր արեւմտեան Պէյրութի փողոցներէն մէկուն վրայ։ Զինք գտնելու բոլոր փորձերը անցան ապարդիւն՝ այդ եւ յաջորդ օրերու ընթացքին, եւ անոր հետագայ բախտը անծանօթ է բոլորիս։ Ըսել կ՚ուզենք, որ անծանօթ են անոր ճակատագրի մանրամասնութիւնները միայն, որովհետեւ ընկեր Աբոյի նման նուիրեալներու այդպիսի վախճանը կռահելի է յառաջագունէ։
Անոնց վախճանը կռահելի ըլլալով հանդերձ, արտաքին աշխարհին համար առեղծուած կը մնայ անոնց կեանքը. այդ է պատճառը, որ դժուար է խօսիլ այդպիսի մարդոց մասին. անոնց առօրեան կը նմանի ոեւէ մէկու առօրեային, սակայն անոնց գործը պատուած կ՚ըլլայ խորհրդաւոր մշուշով մը։ Խորհուրդ մը, որ կը վտանգէ այդ խորհուրդը կրող ենթակային ֆիզիքական գոյութիւնը, բայց որմէ միայն բարիք կրնայ բխիլ ընդհանուր հաւաքականութեան համար։
Սկսելու համար՝ չենք կրնար խօսիլ լիբանանեան երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն մասին՝ առանց յիշելու ընկեր Աբոն։ Ան ապրեցաւ այդ պատերազմի լիբանանահայութեան համար ամէնէն վճռորոշ շրջանին։ Հայութիւնը, իր բոլոր քաղաքական հոսանքներու միջեւ համաձայնութեամբ, որոշած էր չմասնակցիլ եղբայրասպան կռիւներուն, որովհետեւ կը հաւատար, որ մանաւա՛նդ այս երկրին մէջ հարցերը բիրտ բախումներով չեն կրնար լուծուիլ։ Կը հաւատար, որ այս երկրին մէջ համայնքներու եւ քաղաքական խմբաւորումներու միջեւ կառուցողական երկխօսութեամբ է, որ կարելի կ՚ըլլայ հասնիլ դրական արդիւնքի։ Կը հաւատար, որ ներքին պատերազմը կը տկարացնէ բոլորը՝ անխտիր։ Կը հաւատար, որ ներքին բախումները միայն երկրի քանդումին կրնան ծառայել։ Կը հաւատար, որ որեւէ համայնք միւսին վրայ իշխելու կամքն ու հնարաւորութիւնը պէտք չէ ունենայ։ Կը հաւատար համայնքներու համակեցութեան եւ լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ բոլորի պարտաւորութիւններու գործնականացման։ Այդ քաղաքականութեան շնորհիւ, լիբանանահայութիւնը նուազագոյն վնասներով դուրս եկաւ այդ քանդիչ պատերազմէն։ Պատերազմի աւարտէն ետք բոլորս լսեցինք լիբանանահայութեան որդեգրած կեցուածքներուն հանդէպ բոլորին կողմէ արտասանուած բազմայարկանի գովասանքները. հայութեան վարած քաղաքականութիւնը ընդօրինակելու, ուրիշներու կողմէ՝ ուրիշներո՛ւ տրուած խրատները։ Այդ բոլորը լսեցինք եւ հպարտացանք. լսեցինք եւ ունեցանք ճիշդ բան մը ըրած ըլլալու հոգեկան գոհունակութիւնը։ Այս բոլորը՝ պատերազմի աւարտէն ետք։ Այդպէս չէր սակայն պատերազմի սկզբնաւորութեան։ Ատենին ոմանք ուզեցին իրե՛նք որոշել հայութեան որդեգրելիք կեցուածքը. ուզեցին, որ հայութիւնը դուրս գայ իր որդեգրած «դրական չէզոքութեան» տարազէն՝ միանալու համար այս կամ այն կռուող ուժին, վերածուելով անոր լծորդին։ Իրենց այդ կամքը փորձեցին նաեւ զինուորական ուժով պարտադրել եւ չարաչար ձախողեցան։ Ձախողեցան՝ շնորհիւ դաշնակցական կռուողներու վճռակամութեան, բարոյական պատրաստութեան եւ անոնց անմիջական ղեկավարութեան՝ Աբոներու անոնց մօտ վայելած յարգանքին եւ պատճառած հմայքին։
Աբոները դաշնակցական կռուող տղոց պաշտամունքի առարկան էին. ի բնէ ռազմիկ երիտասարդը աւելի ռազմունակ կը դառնար անոնց ղեկավարութեան ներքեւ։
Ասիկա՛ է պատճառը, որ ընկեր Աբօ ներլիբանանեան պատերազմի ընթացքին աչքի փուշն էր լիբանանեան ներքին հակառակորդներու։ Սակայն անիկա ունէր նաեւ Լիբանանէն դուրս՝ արտաքի՛ն թշնամիներ։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, հայրենական լիիրաւ պետականութեան բացակայութեան ընթացքին, Լիբանանի հայ գաղութը ժամանակի ընթացքին դարձած էր սփիւռքահայութեան կրթական, մշակութային ու քաղաքական կեանքի ճառագայթող փարոսն ու իրողական կեդրոնը։ Պէյրութը սկսած էր որոշ չափով ստանձնել Պոլսոյ կամ Թիֆլիսի դերը. հայրենիքէն դուրս կեդրոն մը՝ ուր կարելի էր գտնել հայութիւնը յատկանշող տարրական բոլոր ստորոգելիները։ Մշակոյթն ու կրթութիւնը իրենց հետ բերին բարօրութիւն եւ ինքնութեան ուժեղ գիտակցութիւն, որ յանգեցաւ գաղափարներէն անդին՝ նաեւ առարկայական, ուժակա՛ն գործունէութիւն ունենալու կամքին։
Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք լիբանանահայութիւնը դարձած էր սփիւռքահայ կամքի ամէնէն ցայտուն արտայայտիչը։ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին Լիբանանի մէջ էր, որ առաջին անգամ ըլլալով հայկական երեք ազգային կուսակցութիւնները կը համաձայնէին հայկական քաղաքական հիմնական հարցերը միասնական ճիգերով հետապնդելու։ Շուտով հայկական պահանջատիրութիւնը իր արտայայտութիւնը կը գտնէր միջազգային բեմին վրայ յուշագրերու յանձնումով եւ բազմատեսակ ու բեղուն հրատարակչական աշխատանքով։ Յաջորդող տարիներու ընթացքին այդ աշխատանքը սպառեցաւ, բայց հայութիւնը խանդավառելէ զատ ուրիշի վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն չգործեց։
1975 թուականին միայն մէկ պետութիւն ճանչցած էր Ցեղասպանութիւնը՝ հեռաւոր Ուրուկուէյը, շնորհիւ երկրի հայկական գաղութի ազդու ներկայութեան եւ այդ երկրին Թուրքիոյ հետ քաղաքական-տնտեսական յարաբերութիւններու ցած մակարդակին։ Հայութեան անո՛ւնն իսկ ծանօթ չէր միջազգային հանրային կարծիքին, ալ ո՛ւր մնացին՝ անոր հարցերը, պատմութիւնն ու ուրիշներու կողմէ իր իրաւունքներու ոտնակոխումը։ Այդ թուականներուն էր, որ հայութեան մէջ ծայր առաւ երիտասարդական ուժական շարժում մը, որ պիտի ցնցէր հայկական իրականութիւնը եւ անոր կողքին՝ աստիճանական կերպով հայութեան հարցերը պիտի դնէր միջազգային քաղաքական ընտանիքի սեղանին վրայ։ Երիտասարդական այդ շարժումը ցարդ պատմական, քաղաքական, հաւաքական վերաբերումի ընկերաբանական խորունկ քննութեան առարկայ չէ դարձած հայկական շրջանակներու կողմէ։ Լաւագոյն պարագային լոյս տեսած են դէպքերը թուարկող կամ զանոնք նկարագրող գրութիւններ։ Օտար գիտնականներ իրենց աշխատութիւններուն մէջ աւելի՛ խօսած են նախորդ դարու եօթանասունական եւ ութսունական թուականներու սփիւռքահայութեան ապրած հոգե-քաղաքա-ընկերաբանական անբնականոն վիճակին մասին, քան՝ հա՛յ գիտնականներ։ Տակաւին կանուխ է կատարելու համար այդ ժամանակաշրջանի պատմական ամբողջական արժեւորումը։ Մէկ բան ակնբախ է սակայն, որ ութսունական թուականներու վերջաւորութեան աշխարհը փոխուած է հայութեան համար։
Տասնամեակներ շարունակ մոռացութեան գիրկը նետուած Հայկական հարցը կրկին մակերես կ՚ելլէ՝ միջազգային հասարակութեան խիղճը շարժելով։ Կը բազմանան Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հրատարակութիւնները, պետական-դիւանագիտական շրջանակներ կը սկսին սերտել հայութեան հարցերը, կը սկսին ուսումնասիրուիլ փոշիներու տակ թաղուած արխիւները, ուսանողներ եւ համալսարաններու գիտահետազօտական անձնակազմերու անդամներ կը նուիրուին հայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան։ Այսօր գիտենք, որ այդ երիտասարդ գիտնականներու շարքին մէջ քիչ չէ եղած նաեւ թո՛ւրք ուսանողներու թիւը, որոնց միջոցով մեր օրերուն Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը կ՚արծարծուի նոյնինքն Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, ինչ որ աներեւակայելի էր դեռ ասկէ քանի մը տարիներ առաջ։
Թրքական դիւանագիտութեան անհամաչափ, ջղային ու ներքին խորունկ տագնապ մատնող հակազդեցութիւնները աւելի՛ համոզիչ կը դարձնեն Թուրքիոյ դէմ հայութեան կատարած ամբաստանութիւնները։ 1982ին Կիպրոսի խորհրդարանը կը ճանչնայ Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութիւնը։ 1984ին Փարիզի մէջ կայացած Ժողովուրդներու մնայուն դատարանը ցեղասպանութեան յանցանքով կը դատապարտէ Երիտասարդ թուրքերու կառավարութիւնը. խորհրդանշական դատապարտում մը, որ սակայն արժէք ներկայացնելէ չի դադրիր։ Նոյն տարին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի թիւ 247 բանաձեւին մէջ Թուրքիոյ կատարած ոճիրը կը բնութագրուի իբրեւ ցեղասպանութիւն։ 1985ին կը յաջորդեն Արժանթինի խորհրդարանն ու ծերակոյտը։ 1987ին Եւրոպական խորհրդարանը կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ կոչ ուղղելով Եւրոպական խորհուրդին, որպէսզի ան ճիգ թափէ թրքական կառավարութեան մօտ վերջինիս կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ստանալու համար. զինք համոզելու նաեւ, որ երկխօսութեան նստի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ «Հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ» ակնարկութեան պատճառը հայկական անկախ պետականութեան բացակայութեան պատճառով տեղ գտած է բանաձեւին մէջ։ Այս պարագային հայութեան ներկայացուցիչները սփիւռքահայ կազմակերպութիւններն էին։
Նախորդ դարու իննիսունական թուականներու Հայաստանի անկախացումէն ետք Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող ճիգերը ա՛լ աւելի արդիւնաւորուեցան։ Խորհրդարանները մէկը միւսին ետեւէն քուէարկեցին առաւել կամ նուազ չափով ազդու բանաձեւեր։ Համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ Ռուսիա, Յունաստան, Լիբանան, Ֆրանսա, Պելճիքա, Քանատա, Շուէտ, Իտալիա, Զուիցերիա, Հոլանտա, կրկին Ուրուկուէյ, Սլովաքիա, կրկի՛ն Արժանթին իրենց քուէն տուին արդարութեան՝ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Մեր օրերուն դիւանագէտներ, դասախօսներ, բանախօսներ, պատմաբաններ ու զանազան խմբաւորումներու պատկանող յարգելի մարդիկ վազքի մէջ են այս աշխատանքներու ընծայած դափնիներու շնորհման մրցումին մէջ՝ իրենք իրենց համար առաւելագոյն չափով նպաստաւոր դիրք մը գրաւելու նպատակով։ Իրաւո՛ւնք ունին. լա՛ւ գործ կ՚ընեն. իրենց աշխատանքին շնորհիւ հայութիւնը լաւ արդիւնքներ ձեռք կը բերէ։ Անոնք իրենց աշխատանքային ասպարէզներուն մէջ կը պայքարին, իրենց պայքարը կ՚արդիւնաւորուի, իսկ լաւ արդիւնքը պէտք է բնականաբար ծափահարել։ Ոչ ոք գիտէ, սակայն, այս անհակակշռելի հրդեհը յառաջացուցած սկզբնական կայծին մասին։ Ոչ ոք գիտէ, ոչ ալ դիւրին է գիտնալ։ Ոչ ոք կը մտածէ եւ կը խօսի Աբոներու մասին, երբ անոնք տասնամեակներ առաջ իրենց ի գործ դրած ճիգերով կրցան հայութեան վտիտ միջոցներն ու ձայնային ցած ծաւալը բազմապատկել՝ զանոնք վերածելով հատու գործիքներու։
Իրերու այս վիճակը մեզ չի զարմացներ, որովհետեւ Աբոները ուրի՛շ խմորով պատրաստուած մարդիկ էին։ Յատկապէս ընկեր Աբոն, աւազանի անունով Աբրահամ Աշճեան, կը պատկանէր դաշնակցական քրմապետներու այն խումբին, որ ուղղակի շառաւիղն էր Դրաստամատ Կանայեան-Դրոյի թողած աւանդին։ Դրոյի կողմէ կազմուած, անոր շունչին տակ դաստիարակուած ու կազմաւորուած այդ խումբի անդամները մեզի ներկայացան իրենց անմիջական դաստիարակ Դրոյի անհատական եւ, մակարդակ մը աւելի վեր, դաշնակցական տիպար մարտականի գերմարդկային յատկանիշներով։ Անոնցմէ շատերը, իրենց վարպետին նման, ոչ միայն դաշնակցական ուժական գործի մէկական վարպետ դարձան, այլ իրենց դաստիարակին օրինակով իրենց անձնական կեանքին մէջ ալ միջինէն վեր յաջողութիւններ արձանագրեցին։ Անոնք լռակեաց էին ու համեստ. կը խօսէին, միայն երբ անհրաժեշտ էր։ Կրօնական պաշտամունք ունէին զիրենք նախորդող ազգային հերոսներուն, մտաւորականներուն, դաշնակցական ու ընդհանրապէս հայկական արժէքները կրած ու պաշտպանած բոլոր ծանօթ անուններուն վերաբերմամբ։ Նկարագիրով ու ձիրքերով բոլորովին տարբեր էին իրարմէ, բայց այլապէս շաղուած էին իրարու եւ ընկերական անքակտելի կապերով ցկեանս մնացին այդպէս։ Տառացիօրէն կառչած մնացին անձնուիրումի, անձնազոհութեան, ընկերական եւ ընկերային զօրակցութեան Դաշնակցութեան գաղափարաբանութենէն բխող բարոյական հասկացողութիւններուն։ Աներեւոյթ էին, սակայն ներկայ էին ամէն տեղ։ Ներկայ էին մանաւանդ այն վայրերուն եւ ժամանակներուն մէջ, երբ հասարակ մահկանացուները ինքնապահպանման բնազդի անդիմադրելի ճնշումին տակ՝ իրողապէս աներեւութացած կ՚ըլլային հրապարակէն։ Մտաւորական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած չէին անոնք, բայց կը զգայիր, երբ անոնք կը քալէին, որ կուսակցութեան ծանրութեան կեդրոնը կը տեղափոխուի իրենց քայլերու արագութեամբ՝ միշտ մնալով իրենցմէ ոչ շատ մեծ հեռաւորութեան վրայ: Դաշնակցական այն տիպարներէն էին, որոնք կուսակցութեան եւ հայութեան ճակատագիրը որոշող ժողովներու ընթացքին կը տեղաւորուին աննշմար անկիւն մը՝ լուսարձակներէ հեռու. կ՚ունենայիր այն տպաւորութիւնը, թէ ժողովին մարմնո՛վ միայն ներկայ են, իսկ ժողովական քննարկումներով շահագրգռուած չեն. սակայն ատիկա երեւո՛յթն էր միայն. անոնք խօսք առնողներ չէին, սակայն ուշի ուշով կը հետեւէին ժողովականներու ներկայացուցած գաղափարներուն, կարծիքներուն եւ առաջարկներուն. իրենց փորձառութեամբ անոնք գիտէին զանազանել անկեղծ խօսքը՝ պարագայական յայտարարութիւններէն. լուռ մտիկ կ՚ընէին, սակայն կ՚անդրադառնայիր, որ ժողովական իրենց անկիւնը ժողովի ընթացքին իսկ աստիճանաբար կը վերածուի որոշման կարեւոր կեդրոնի: Այս ոճը ընթացիկ ոճ էր եւ ի գործ կը դրուէր ամէն տեսակի աշխատանքներու մէջ: Գործին արդիւնքը կ՚երեւէր, բայց գործը կատարողները կը մնային շուքի մէջ: Իսկ գործը կատարողները ակնկալութիւններ չունէին. ո՛չ նիւթական վարձատրութիւնը հետաքրքրական էր իրենց համար, ո՛չ ալ բարոյական այլ վարձատրութիւն փնտռող էին. կուսակցական պաշտօններով շահագրգռուած չէին, իրենք կը բաւարարուէին միայն իրենց ստանձնած գործի յաջողութիւնը տեսնելով: Իսկ եթէ պատահէր, որ օր մը երեւէին այս կամ այն բարձրադիր կուսակցական աթոռին վրայ, վստահ կ՚ըլլայիր, որ ատիկա ժամանակաւոր վիճակ էր, եւ թէ խնդրոյ առարկայ անհատը որեւէ կերպով չէր ձգտած այդ պաշտօնին, այլ մղուած էր այդտեղ իր ընկերներուն կողմէ՝ հակառակ իր կամքին:
Այդ ձեւով պաշտօնի վրայ էր ընկեր Աբոն, երբ աներեւոյթ նենգ թաթը զինք հեռացուց իր ընկերներէն: Աբոն, սակայն, սառցակոյտին երեւցող ծայրն էր միայն: Աբոյէն ետք գործը շարունակուեցաւ ու կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Դաշնակցութիւնը այս օրերուն կը նշէ իր հիմնադրութեան 117ամեակը: Պէտք է անդրադառնալ, որ կուսակցութեան մը համար ասիկա երկար կեանք մըն է, մանաւանդ որ այս կուսակցութիւնը կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնը՝ իր առջեւ գործունէութեան նոր դաշտեր բանալով, հետեւելով արդի ժամանակներու քաղաքական փոփոխութիւններուն: Ընկեր Աբոյի սերնդակիցներուն կարեւոր մէկ բաժինը առիթը չունեցաւ վայելելու հայրենիքի վերանկախացումը, բայց իր գործունէութեամբ նպաստեց, որ իր կուսակցութիւնը ուժական ձեւով մտնէ անկախացող հայրենիք՝ դառնալու համար ղարաբաղեան նորագոյն պայքարի ռահվիրաներէն եւ առանց յապաղումի նետուելու հայրենիքի քաղաքական բեմին վրայ՝ շուրջ եօթանասուն տարիներու աքսորական կեանքէ ետք: Կասկածէ վեր է, որ այդ երեւոյթը դաշնակցական բոլոր սերունդներու աշխատանքին արգասիքն է. ամէն տեսակի աշխատանքային մարզերու մէջ իրենց մազերը ճերմկցուցած, խմբագրատուներու գրասեղաններու ետեւ իրենց կեանքը սպառած, ուսուցչական ու դաստիարակչական ասպարէզին մէջ շունչ հատած, մշակութային, մարմնակրթական ու բարեսիրական աշխատանքներուն մէջ գետ-քրտինքներ թափած բոլո՛ր դաշնակցականներու համադրեա՛լ ճիգին արդիւնքն է: Սակայն այս բոլորը բաւարար չեն բացատրելու համար Դաշնակցութեան երկարակեցութիւնը, անոր շարունակուող տիրական ներկայութիւնը հայութեան կեանքին մէջ: Վերջ ի վերջոյ այսքան երկար ժամանակամիջոցի մէջ շրջապատէն է շարունակաբար ներմուծուող այլասերումը, անխուսափելի ներքին՝ առարկայականօրէն արդարանալի կամ արուեստական պայքարները, արտաքին՝ դիտումնաւոր ու նպատակաուղղուած միջամտութիւնները ահաւոր կերպով մաշեցնող են եւ, անհատներու կեանքին նման, կազմակերպութիւններն ալ կ՚առաջնորդեն դէպի վախճան:
Դաշնակցութեան պարագային գաղտնիքը շատոնց բացայայտուած է. անոր առողջ երկարակեցութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել իր հիմնադրութենէն ի վեր իր բոլոր, բայց յատկապէս՝ մարտական կառոյցներուն մէջ օրէնք դարձած բարոյական արժէքներու ցուցակին մէջ. արդարութիւն, ընկերասիրութիւն, տկարը պաշտպանելու ինքնաբուխ փափաք, պարտականութեան անթերի գիտակցութիւն, քաջութիւն, վտանգի արհամարհանք, բացարձակ կարգապահութիւն, գաղտնապահութիւն, իրաւունքի գիտակցութիւն, ծառայասիրութիւն, հաստատակամութիւն, յաջողութեան վճռակամութիւն, համբերատարութիւն, ներողամտութիւն՝ բայց դիտումնաւոր սխալի հանդէպ անզիջող կեցուածք, հեզութիւն, համեստութիւն, նորէ՛ն համեստութիւն: Այդ արժէքներուն հանդէպ հաւատքը դաշնակցական մարտական անհատին կ՚ընծայէ բացառիկ դիմադրողականութիւն, որ ինքնաբերաբար կը փոխանցուի ամբողջ կազմակերպութեան: Բարոյական այդպիսի յատկանիշներով հարուստ այդ կառոյցը կը կազմէ Դաշնակցութեան ամուր ողնասիւնը: Դաշնակցութեան բազմաթիւ տասնամեակներու կեանքի ընթացքին ներքին, մեծաթիւ՝ մեծ ու փոքր տագնապներ, արտաքին անհամար դաւադրութիւններ եկած են փշրուելու պողպատեայ այդ ողնասիւնին վրայ:
Կասկած չկայ, որ այդպիսի ողնասիւնի մը կազմաւորումը հայութեան ապրած միջավայրերու եւ ժամանակներու պարտադրանքն էր. այդպիսի նկարագիրով ուժի մը գոյութեան անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած էր աշխարհի տարածքին տիրող կացութենէն. բռնատիրութիւն, տաք կամ պաղ պատերազմ: Կար ազատագրական պայքար, հալածանքներէ զերծ մնալու նպատակով կարեւոր էր գաղտնիացումը, անբարենպաստ պայմաններու մէջ դիմանալ կարենալու համար պէտք էր աներեւոյթ՝ ամուր կազմակերպութիւն: Այդ կազմակերպութիւնը մէջտեղ բերաւ յատուկ նկարագիրով ու մասնայատկութիւններով գաղափարական մարդիկ, որոնք անսակարկ կերպով ծառայեցին կուսակցութեան եւ ընդհանուր հաւաքականութեան:
Մեր օրերուն աշխարհի պատկերը բոլորովին տարբեր է. աշխարհի միաւորները՝ պետութիւններն ու ժողովուրդները իրարու կապուած են հետզհետէ ամրացող տնտեսական կապերով. այդ պատճառով գաղափարականութիւնը փոխարինուած է տնտեսականութեամբ. ճիգ կայ գաղափարական մարտիկը աստիճանաբար փոխարինելու վարձկան տարազաւորներով. պարտադիր զինուորական ծառայութեամբ գործող բանակները, որոնք հիմքը կազմած են առողջ հասարակութիւններուն, բազմաթիւ երկիրներու մէջ արդէն իսկ վերածուած են արհեստավարժ դրութեամբ գործող կառոյցներու. պետական՝ ոստիկանական կառոյցներու կողքին ամէն օր նոր պաշտպանական սեփական, վաճառականական միաւորներ կը բուսնին ինքզինքնին ազատ ու ազատական կոչող պետութիւններու մէջ: Վճարողը կը պաշտպանուի. սկզբո՛ւնքն իսկ սխալ է եւ կը հակասէ վերջին երկու դարերու ընթացքին մարդկային հասարակութեան ահաւոր պայքարներու եւ զոհողութիւններու գնով գոյացած ընկերային ձեռքբերումներուն եւ դրական զարգացումներուն: Ներկայ աշխարհի երեւութական բոլոր առարկայական տուեալները մեզի ամէն կերպով կը փորձեն թելադրել, թէ պաշտպանական ասպարէզի արհեստավարժ դառնալը գերակշիռ կը դարձնէ նիւթի եւ նիւթականի կարեւորութիւնը՝ մարդկային ունակութիւններուն եւ զինուորական առաքինութիւններուն վրայ: Այդպէս է, սակայն, միայն երեւութապէս: Մենք մեր շուրջը կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կը պատահի գետնին վրայ: Կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս գաղափարական ուժով տոգորուած փոքրաթիւ խումբեր տարիներով կրնան դիմադրել ներկայ արդիական արհեստագիտութեան նորագոյն նուաճումներով զինուած հզօր բանակներուն դէմ: Տեսանք, թէ ի՛նչպէս նախնական միջոցներով զինուած գաղափարական մարդիկ կրցան դիմադրել կազմակերպուած բանակներու, որոնց առջեւ մէկէ աւելի պետութիւններ միաժամանակ ծունկի եկած են անցեալին: Այդպէս է, որովհետեւ ինքնապաշտպանութեան նպատակով ինկած գաղափարական նահատակին դիմաց անպայմա՛ն նոր նուիրեալներ կը նետուին կռուի դաշտ, մինչդեռ նուաճողական կռիւ տանողի կամ վարձկան զինուորի կռուի ճակատին վրայ մահը պատճառ կը դառնայ ուրիշներու դասալքումին: Վարձկանը զինուոր չէ, այլ՝ վճարովի մարդասպան:
Աբրահամ Աշճեաններու ժամանակակիցներու եւ անոնց նախորդներու փաղանգին մեզի թողած կտակը մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի գաղափարական տիպարի պահպանումը՝ իրե՛նց իսկ օրինակով. դաշնակցական զինուորը չի կրնար տարբեր բան ըլլալ. ժամանակի ընթացքին անոր բիւրեղացած կերպարի կենդանի պահպանումը անհրաժեշտ է, որպէսզի երաշխաւորուի Դաշնակցութեան ապագայ գոյութիւնը, առանց որուն՝ հայութիւնը շատ բան կը կորսնցնէ իր պաշտպանական ունակութենէն։ Պէտք է խոստովանիլ, որ մերօրեայ պայմաններուն մէջ դիւրին չէ այդ հոյակապ տիպարին պահպանումը։ Գաղափարներու եւ գաղափարականութեան դէմ պայքարը կը տարուի բոլոր երեւակայելի միջոցներով։ Երիտասարդութիւնը մոլորեցնող ազդակները տեսակաւոր են ու հրապուրիչ. նոր ինքնաշարժը, նոր բջիջայինը, համակարգիչի աւելի արագ ու ծաւալուն յիշողութեամբ նոր մակնիշը, հեռատեսիլի կայաններու աննախընթաց բազմապատկումն ու շուկայական այլ հնարքներու ամէնօրեայ ռմբակոծումը կը շեղեն երիտասարդութեան ուշադրութիւնը, ճաշակն ու մտածումը։ Բայց այս բոլորը դաշնակցական մարդուն համար դիւրաւ շրջանցելի են։ Վերջ ի վերջոյ, բոլոր համեմատութիւնները պահելով հանդերձ, Աբոներու կազմաւորման ժամանակաշրջանին ալ քիչ չէին սայթաքումի պատեհութիւնները։ Սակայն այդ սերունդը նուազագոյն չափով իսկ չազդուեցաւ անոնցմէ, չհետեւեցաւ անոնց ու քալեց իր դաշնակցական ուղին։ Այդ սերունդը տիտաններէ բաղկացած չէր. անոնք պարզ դպրոցական կամ արհեստաւոր տղաք էին, որոնք կ՚ապրէին իրենց բնականոն կեանքը, միաժամանակ սակայն հայութեան հարցերը վերածած էին առօրեայ մտասեւեռումի առարկաներու. ուզէին իսկ, չէին կրնար ձերբազատիլ անոնցմէ։ Դաշնակցական գաղափարական մարտականի տիպարի պահպանումը դժուար է, բայց անկարելի չէ։ Գոյութիւն ունի՛ արդէն մեր առօրեային մէջ. մենք ամէն վայրկեան անոր գոյութեան փաստը ունենալու պատեհութիւնը չունինք, ինչպէս ժամանակին ամէն վայրկեան պատեհութիւնը չունէինք տեսնելու Աբոներո՛ւ գոյութիւնը. բայց երբ ազդանշանը տրուեցաւ, անոնք փոխեցին առօրեայի իրենց շապիկները եւ նետուեցան պայքարի դաշտ, որովհետեւ տոգորուած էին գաղափարով ու հաւատքով։ Ճիշդ ատիկա՛ է. դաշնակցական մարտական տիպարի պահպանում կը նշանակէ այդ ոգիի եւ այդ հաւատքի պահպանումը։
Այդ ոգիի եւ հաւատքի պահպանման վրայ է ահա, որ պէտք է կեդրոնանայ դաշնակցական դաստիարակի աշխատանքը՝ այսօրուան դժուարին պայմաններուն մէջ, որպէսզի միշտ ունենանք նոր Աբոներով հպարտանալու վերացնող զգացումը։