
ՆԱԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ Կերի Փիթըրզ եւ Պիլ Քեսըտի ներկայացուցած են երկկուսակցական համապարփակ բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Պաքուի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումը, կոչ կ՛ընէ պատժամիջոցներ սահմանելու Ալիեւի ցեղասպան վարչակարգին դէմ, կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով գերի պահուող հայերը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան կառավարութիւնը կը յորդորէ դադարեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնը եւ նպաստել միջազգային պատշաճ երաշխիքներով՝ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը ապահովել։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս բանաձեւը ներկայացնելու քայլը, զայն նկատելով Արցախի իրաւունքներուն պաշտպանութեան գծով քոնկրեսական աջակցութեան յաւելեալ նշան մը:
«Ատրպէյճան պատանդ կը պահէ Եւրոպան՝ ուժանիւթի պատճառով, բայց Լուիզիանայի մէջ մենք բաւարար ուժանիւթ ունինք Եւրոպային կարիքները բաւարարելու համար: Աշխարհը պէտք չէ հանդուրժէ բռնապետը (Ալիեւը)», ըսաւ բանաձեւին համահեղինակներէն Քեսըտի։
Բանաձեւը կ՛առաջարկէ հետեւեալները.
– Արցախի հայերը շրջափակելը եւ անոնց դէմ ռազմական գործողութիւնները որակել ցեղային զտում.
– Յստակ պատժամիջոցներ սահմանել Արցախի մէջ հայ բնակչութեան դէմ ոճիրներ իրականացուցած ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու դէմ.
– Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար՝ միջազգային ապահովական երաշխիքներ տրամադրել, կանխելու համար անոնց դէմ նոր բռնարարքները.
– Ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրել՝ Հայաստան ապաստանած առաւել քան 100,000 արցախցիներուն կարիքները պատշաճ կերպով հոգալու համար. նոյն նպատակով՝ ամերիկեան կառավարութիւնը պէտք է միջազգային ջանքերը առաջնորդելու նախաձեռնութիւնը ունենայ.
– Ազատութեան աջակցութեան որոշումի 907րդ յօդուածի կիրարկում (Ատրպէյճանի ռազմական աջակցութեանց կասեցում).
– Հայաստանի ապահովութեանն աջակցութիւն.
– Ամերիկեան դիւանագիտութեան յաւելեալ աշխուժութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ անարդար կերպով բանտարկուած բոլոր հայերը ազատ արձակելը եւ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ապահովելու համար.
Բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի, որ միջազգային իրաւական մասնագէտներ նշած են, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը խախտում մըն է ՄԱԿի ցեղասպանութեան համաձայնութեան պայմաններուն։
Բանաձեւը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։