Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը չմեկնաբանեց Ատրպէյճանի դատախազութեան առաջարկը` համագործակցելու Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի նախկին պաշտօնատարներուն դատավարութեան ընթացքին:
17 Դեկտեմբերին անոնց դէմ մեղադրական ծրարները ուղարկուեցան Պաքուի զինուորական դատարան՝ հետեւեալ կոչով. «Ղեկավարուելով սոյն քննչական գործի ծիրին մէջ կասկածելի բազմաթիւ անձերու, ինչպէս նաեւ վկաներու` Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուելու լուրջ պատճառներով, Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը Հայաստանի պատկան մարմիններուն գործակցութեան հրաւէր կը յղէ»:
Արցախի նախկին գլխաւոր դատախազ եւ պետական նախարար, իսկ այժմ՝ փաստաբան Գուրգէն Ներսիսեան վստահ է, որ Ատրպէյճան այս յայտարարութեամբ նոր եւ հեռանկարային ծրագիր կը գծէ, եւ որ այս կոչը նախերգանք է: «Ադրբեջանն ունի նաեւ աւելի հեռահար նպատակ, որովհետեւ միայն այն անձինք, որոնք գերեվարուել են, որոնք գտնւում են Ադրբեջանում, միայն այդ անձանցով կամ առնուազն նրանց` Ադրբեջանի տուած իրաւական գնահատականներով չեն ուզում սահմանափակուել: Այստեղ վտանգը կարող է հասնել մինչեւ Հայաստանի գործող իշխանութիւններ», ըսաւ Ներսիսեան՝ աւելցնելով, որ դժուար չէ գերութեան մէջ գտնուողներէն ցուցմունք կորզել, ցուցադրել ապացոյցներ եւ վկայութիւններ ու մեղադրանքներ կառուցել օրինակ` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, ընդհանուր հրամանատարութեան, կամ այլ պաշտօնեաներու դէմ:
«Փաստ է` Բաքուն մեղադրեալների ցանկն է ընդլայնում», իր կարգին հաստատեց «Արցախ» միութեան ղեկավար Արտակ Բեգլարեան:
«Այդ ընդարձակումը լինելու է ե՛ւ զինուորականների հաշուին` ե՛ւ նախկին, ե՛ւ գործող, ե՛ւ նախկին ու գործող պաշտօնեաների հաշուին` քաղաքական պաշտօններ զբաղեցնողների: Ես չեմ բացառում, որ իրականում այդ ցանկում ներառուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանը` որպէս հնարաւոր կասկածեալ կամ առնուազն վկայ: Ալիեւեան վարչակարգի ձեռագիրն է` դարակից պարբերաբար նոր թեմաներ դուրս բերել», ըսաւ Բեգլարեան:
Իսկ Ներսիսեան չբացառեց, որ Պաքուի իրաւապահներու «համագործակցութեան առաջարկը» վերջապէս նախապայման դառնայ:
Եթէ համագործակցելու մասին կը խօսուի, ուրեմն Հայաստանի մէջ ալ կան բազմաթիւ քրէական գործեր՝ յստակ անուն-մականուն ունեցող ատրպէյճանցիներու վերաբերող, իշխանութիւններուն յուշեց Բեգլարեան: «Հայաստանի իշխանութիւնները կարող են շատ մաքուր, միջազգային իրաւական ու քաղաքական պատասխան հանգիստ տալ, որ եթէ Ադրբեջանի իշխանութիւնները ցանկանում են համագործակցել, ապա պէտք է պատրաստ լինեն համագործակցել Հայաստանում քրէական գործերով անցնող ադրբեջանցիների հարցերով նոյնպէս», ըսաւ Բեգլարեան: Ան տեղեակ չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը կը վախնայ եւ չի՞ խօսիր պատերազմական յանցագործութիւններու եւ խոշտանգումներու մէջ մեղադրուող ատրպէյճանցիներուն մասին, թէ քրէական գործերու գաղտնիութեան դրութեան հարց կայ, բայց ինք վստահ է, որ մինչ Ատրպէյճան տարբեր պայմաններ կը դնէ բանակցային սեղանին, հայկական կողմը որեւէ խաղաքարտ չ՛օգտագործեր:
«Որքան հնչեղ են մեղադրանքները, դրանք ամենաառաջինը նախ ներքին լսարանի համար են հաճելի», նկատել տուաւ Ներսիսեան։