ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Անձնական ժամանակը ուրիշին տրամադրելու երեւոյթը երկիմաստ է: Բարեբախտաբար, շատերու առաջին մօտեցումը այս հարցին դրական իմաստ կը պարունակէ. այսինքն, ուրիշին օգնելու տրամադրութիւնը այսպիսով կը բացայայտուի: Ծնողներ, ուսուցիչներ, դաստիարակներ եւ վարպետներ իրենց հոգածութեան կամ խնամքին յանձնուած մանուկները, ուսանողներն ու աշկերտները կը դաստիարակեն՝ լաւագոյն կրթութիւնը փոխանցելով անոնց:
Ծնողներուն եւ դաստիարակներուն գործունէութիւնը կրնանք ազնուութիւն համարել: Այս մօտեցումը, զոր անոնք կը ցուցաբերեն իրենց յանձնուած անձերուն նկատմամբ՝ ձիւնի կը նմանի…։ Ձիւնը երբ տեղայ լեռներուն եւ դաշտերուն մէջ, ամէն տձեւութիւն եւ անճոռնի փոս կը լեցնէ միագոյն գեղեցկութեամբ: Նոյն «ձիւնը» եթէ ոչ շուտով, սակայն դաստիարակուած մանուկներուն հասուն տարիքի հասնելէն ետք ալ յանկարծ «կը տեղայ», անոնց միտքը իր սպիտակութեամբ լուսաւորելով ու մաքրելով: Անոնք դարձեալ կը վերյիշեն իրենց մանկութեան տարիները, կը յիշեն նոյնիսկ այս կեանքէն հեռացած ծնողները կամ ուսուցիչները, իրենց ականջին լսելի կը դառնան անոնց տուած դաստիարակչական խրատները, բարկութեամբ լեցուն յանդիմանութիւնները եւ կատարած սրբագրութիւնները:
Ժամանակը ուրիշին տրամադրելու միւս ձեւն ալ կայ, որ ամբողջութեամբ տարբեր է վերոյիշեալ դրական մօտեցումէն: Այդ անգործներու յատուկ գործունէութիւն է, որ երբեմն ծածկաբար ժխտական վարագոյրի ետին կը գործէ: Նախանձով առաջնորդուող այս կերպը կը նախատրամադրէ զանոնք, որպէսզի իրենց առօրեան թողած՝ ուրիշներուն առօրեայով զբաղին:
Իւրաքանչիւր մարդու ստացած կազմաւորումը մեծ դեր ունի, որ ան իր կեանքին համար կարենայ ճիշդ ուղղութիւն որդեգրել: Աստուծոյ շնորհած ազատութիւնը, իւրաքանչիւր մարդու համար մեծ շնորհք մըն է, որպէսզի ստրկական ոգիով չմեծնայ ենթական. սակայն, նոյն ազատութիւնը զգացողը, երբ մանուկ տարիքէն դաստիարակութիւն ստացած չըլլայ, ժխտական ուղղութեան կը տանի զայն, որ կը սկսի իր ազատութիւնը շահագործել, կորուստի մատնելով իր անձը: Ժխտական ազատութեան հետեւանքները ամէն բանէ առաջ ժամանակի կորուստ են: Այսպիսի կացութեան մը մէջ յայտնուած անձերը կուրցած ըլլալով, չեն զգար ժամանակի կորուստը, այլ ուրիշին կեանքը պեղելու եւ անոր գործունէութիւնը վերծանելու տրամադրութեամբ՝ կը կարծեն, թէ իրենց ժամանակը դրական աշխատանքի յատկացուցեր են:
Այս «դրական» աշխատանքով իրենց առօրեան լեցնող մարդիկ միշտ «պատրաստ» են քեզ ողջունելու, լսելու տագնապներդ, ունկնդրելու մտահոգութիւններդ եւ այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնց բովէն կ՛անցնիս: Սոյն իրավիճակին դադար կամ վերջ կու տա՞ն անոնք: Տարօրինակ իրականութիւնը այն է, որ անոնք բնաւ չեն դադրիր քեզ լսելէ, որովհետեւ ուրիշին տագնապին հանդէպ անոնց ունեցած հետաքրքրութիւնը վերջ չունի: Ասոնք միշտ պատրաստ են տխրութեանդ «բաժնեկից» դառնալու եւ մանաւանդ ցանկալի «խրատներ» տալու, քեզի օգնելու խոր բայց կեղծ փափաք ունենալ ձեւացնելով: Չմոռնաս, սակայն, որ ճիշդ այն պահուն, երբ կռնակդ դարձնես՝ անոնք պիտի սկսին բամբասել քեզ…։
Տառապակոծ կեանքիդ ընթացքին բնա՛ւ մի ցաւիր կորսնցուցածներուդ համար, ո՛չ ալ մտահոգուիր, երբ բարեկամներդ հեռանան քեզմէ եւ հեռանան շրջապատէդ: Միշտ մտաբերէ ծառերը, որոնք բնութեան չորս եղանակներէն մէկուն՝ աշնան, տերեւաթափ կ՛ըլլան. իսկ ձմրան, անոնք մերկ վիճակի մէջ կը շարունակեն իրենց «գաղտնի» կեանքը, եւ գարնան դարձեալ կը ծաղկին, բնութենէն նոր կեանք ստանալով. իւրաքանչիւր տերեւին տեղը կը լեցուի նոր տերեւով մը կամ եռապատիկը նախկինին, աւելի գեղեցկացնելով ձմրան եղանակին փայտի տեսք ստացած ծառը: Նոյնն է նաեւ մեր պարագային, երբ կորսնցնենք մեր բարեկամները, որոշ ժամանակ դատարկութիւն մը կը զգանք մեր շուրջը. սակայն, երբ նոր օրեր բացուին, արեւը իր ջերմութիւնը դարձեալ զգալի դարձնէ եւ նոր բարեկամներ շահինք՝ մեր կեանքը նոր եռանդով կը շարունակենք: Այսպիսի անձերու յայտնութիւնը կեանքիդ ընթացքին, երկնային պարգեւ մըն է:
Աստուած կ՛ուղարկէ զանոնք մօտդ. իսկ եթէ ուզես այս բարի մարդիկը պարգեւատրել, սովորական նուէրները մասնաւոր արժէք չեն ունենար…։ Լաւագոյն նուէրը սէրդ է եւ յարգանքդ անոնց նկատմամբ. իսկ Աստուծոյ ուղղած շնորհակալական աղօթքդ, որ կեանքիդ ընթացքին դիմացդ այդպիսի մարդիկ հանեց, խոնարհագոյն երախտագիտութիւնդ է Արարիչին նկատմամբ:
Տարեց անձերուն յատուկ ուրախութիւնն է այս, երբ իրենց անմիջական շրջապատին մէջ կը տեսնեն օժանդակող ձեռքեր, որոնք զօրավիգ կը կանգնին իրենց: Ծերունիները «Աստուծոյ ձեռքը» կը կոչեն զանոնք, եւ իրենց աղօթքներէն անպակաս կը դարձնեն անոնց անունները:
Բնութեան պատգամը շատ հետաքրքրական է. ինչ որ բարիք սերմանես ուրիշին համար, անպայման դուն ալ օր մը պիտի վայելես նոյնը, որովհետեւ ասիկա բնութեան գաղտնի օրէնքներէն մէկն է: Ուրեմն, մի՛ դադրիր ուրիշներուն բարիք մաղթելէ, որպէսզի դուն ալ փայլուն օրեր ունենաս:
Ժխտական մարդիկ բնա՛ւ չեն հեռանար քովէդ, առանց իմանալու, որ իրենց այդ կեցուածքով համբերութիւնդ կը զօրացնեն: Ասիկա շատ տարածուած երեւոյթ մըն է: Ժխտական մարդոց անմիջական ներկայութիւնը նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ անցեալի դժբախտ դէպքերը չմոռնաս: Անոնք անգիտակից «պարտականութիւն» ունին, իրենց ժխտական արարքներով եւ մօտեցումներով վերյիշեցումներ կատարելու՝ խորհելով, որ նոյն դժուարութիւններուն մէջ կրնան թողել քեզ: Այդ դժուարութիւններդ եթէ նոյնիսկ քու սխալներուն հետեւանք են՝ մոռցի՛ր զանոնք, եւ հակառակորդներուդ հետ միասին աղբաման թափէ: Սխալներդ ճանչնալը ինքնասրբագրութեան առիթ է, որպէսզի վերանորոգես կեանքդ, անոնցմէ վերջնականապէս հրաժարելով:
Որեւէ յաջողութիւն բախտի բերմամբ մօտդ չի՛ գար, որքան ալ սպասես: Այդ կախեալ է համբերութենէդ եւ նուիրեալ աշխատանքէդ: Մեծ կարողութիւններու տէր ըլլաս կամ ոչ, համբերատար աշխատանքդ յաջողութեան կը հասցընէ քեզ: Պայքարդ անպայման յաջողութեամբ կը պսակուի, եթէ հաւատաս անոր դրական արդիւնքին:
Աստուծոյ եւ կեանքի յաջողութիւններուդ հանդէպ ունեցած հաւատքդ է այն ուղին, ուրկէ պիտի քալես, հասնելու համար դրական արդիւնքի: Այն զօրութիւնը, որ չարը խափանողն է, Արմաշի մեր պատմական վանքի խորանը զարդարած «Չարխափան Սուրբ Աստուածածին»ի պատկերով խորհրդանշուեր էր անցեալին, բիւրաւոր հայորդիներու կեանքը փրկելով…։
Ս. Ներսէս Շնորհալին Հռոմկլայի ամրոցին մէջ իր հեղինակած «Առաւօտ լուսոյ»ին մէջ յստակ բառերով կ՛աղերսէ Յիսուսին՝ ըսելով. «Չար մշակողին, չար սերմանց նորին, չորացո՛ զպտուղն»: Ժխտական մարդոցմէ երբ հեռու մնաս, պիտի զգաս, որ անոնց սերմն ու պտուղը վերջնական չորացումով պիտի կորսուին միջավայրէդ: