ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ
«Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Վերջ տայ հայի ցաւերին…»

Պատմութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը նոր տարին տօնած է տարբեր թուականներու՝ Մարտ 21ին, Նաւասարդին եւ 18րդ դարէն սկսեալ՝ Յունուար 1ին:
Նոր տարի հասկացողութիւնը կ՛արտայայտուի Կաղանդ բառով, որ ծագած է լատիներէն calendae (գալանտէ) բառէն:
Հին ժամանակ, հայերը Նոր տարին կը տօնէին Գարնան, Մարտ 21ին, տարեմուտը նոյնացնելով բնութեան զարթօնքին հետ: Մարտին ծնած է նաեւ ուժի եւ զօրութեան աստուած՝ Վահագնը:
Ապա, հայ ժողովուրդը երկար դարեր Ամանորը տօնեց Նաւասարդ ամսուն սկիզբը՝ այսօրուան Օգոստոս 11ին: Նաւասարդ անունը պարթեւ-իրանական ծագում ունի եւ կազմուած է երկու բառերէ՝ «նավա»՝ նոր եւ «սարդ» տարի, այսինքն՝ Նոր տարի: Ըստ աւանդութեան, Հայկ Նահապետը այդ օրը յաղթած է բռնակալ Բէլին:
Ըստ աւանդազրոյցի մը, երբ Բէլ մօտեցած է Հայկի գտնուած վայրը, լսած է տօնախմբութեան ձայներ: «Այս ի՞նչ է», հարցուցած է: «Հայերը Նոր տարին կը տօնեն», պատասխանած են Բէլին: «Եթէ այս ժողովուրդը չի վախնար իմ ահաւոր զօրքէս, ուրեմն ասոնց հետ չարժէր պատերազմիլ», ըսած է Բէլ: Եւ այսպէս Հայկ Նահապետը իր ընտանիքին եւ ապագայ սերունդներուն տուած է ազատութիւն, երբ սպաննած է բռնակալ Բէլը, Վայոց Ձորի շրջանին մէջ: Այս դէպքը տեղի ունեցած է մ.թ.ա. 2492 Օգոստոսի 11ին:
Նաւասարդին, մեր թագաւորները կը կազմակերպէին մարզական մրցոյթներ, երգի, նուագի, պարի փառատօններ: «Չարխափան» պարը կը պարէին չար ու բացասական ուժերը վանելու նպատակով: Այս պարին մէջ առկայ են այնպիսի շարժումներ, ինչպէս ծափը եւ ոտքով հարուածելը: Ըստ աւանդութեան՝ ծափերու միջոցով կը վախցնէին չար ուժերը: Կար նաեւ ընկոյզով պատրաստուած ձեռքի աշխատանք մը, որ դարձեալ չարխափան կը կոչուէր: Քանի մը ընկոյզներ միասին կը կապէին եւ իրար զարնելով եւ խշխշացնելով կը կարծէին չարը պիտի խափանեն:

18րդ դարէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը եւ եկեղեցին ընդունեց Նոր տարին տօնել Յունուար 1ին: Եւ այսպէս Նոր տարուան առթիւ հայերը Դեկտեմբեր 31ին հաց կը թխէին մեծ քանակութեամբ, որովհետեւ անոնք կը հաւատային, թէ Նոր տարին պէտք էր նոր հացով սկսէին: Հացին կողքին, կը թխուէր նշանաւոր տարեհացը, որ կլոր կաթայի նման խմորեղէն մըն է, որուն երեսը զարդարուած կ՛ըլլար չամիչով, ընկոյզով, խաչով եւ տարուան թուականով:
Տարեհացը շերտերու կը բաժնէին, ընտանիքի անդամներու թիւով. անոր մէջ կը դրուէր մետաղէ դրամ: Այն անձը, որուն տրուած շերտին մէջը այդ դրամը գտնէր, կը համարուէր տարուան բախտաւորը:
Ամանորեայ սեղանները պէտք էր ըլլային ճոխ, որպէսզի Նոր տարին բերէր առատութիւն եւ բարօրութիւն:
Տօնական սեղանին բնորոշ էին որոշ ճաշատեսակներ, ինչպէս՝ ղափամա, պասուց տոլմա, որը պէտք էր պարունակէր 7 տարբեր հատիկեղէն: Թոնիրի մէջ կ՛եփէին նաեւ հարիսան, որ կը խորհրդանշէր Նոր տարուան գալիք երկրագործական աշխատանքներու հարստութիւնը: Որպէս անուշեղէն, տարեհացին կողքին նաեւ կը պատրաստէին անուշապուրը, որ կ՛եփէին տարբեր չիրերով եւ ձաւարով:
Մառաններէն կը բերէին չիրերու շարաններ եւ կը կախէին ձեղունէն: Իսկ այդ օր տօնական սեղաններու շուրջ առաջին կենացը կը խմէին պանդուխտներուն համար:
70ականներէն սկսեալ, Ամանորեայ սեղանի ճաշատեսակները փոխուեցան Հայաստանի մէջ: Այսօր խոզի միսով պատրաստուած ճաշատեսակը ընդհանրացած է: Սփիւռքի մէջ նոյնպէս այլ ճաշատեսակներ կը հրամցուին Նոր տարուան սեղանին, ըստ տանտիկինին ճաշակին:
Իբրեւ հինէն եկած սովորութիւն, նշենք խմորէ պատրաստուած տիկնիկները՝
«Ասիլիկ-Վասիլիկ»ները: Ասիլիկները կը համարուէին իգական տիկնիկները, իսկ Վասիլիկները՝ արական տիկնիկները: Այս տիկնիկները կը թխէին գուշակութիւններ ընելու նպատակով՝ Ամանորի նախօրեակին: Եթէ խմորէ տիկնիկները ուռէին, ապա ընտանիքին մէջ յաջողութիւն պիտի ըլլար, իսկ եթէ սմքէին, ապա հակառակը՝ անյաջողութիւններ պիտի տեսնէին: Եթէ ընտանիքին մէջ նոր հարս կար եւ Ասիլիկին փորի հատուածը ուռէր, կը հաւատային, որ նոր հարսը գալիք տարի երեխայ պիտի ունենայ: Սովորութիւն էր նաեւ ցախաւելով պուպրիկներ շինել՝ Պուրպատիկ եւ Նուրին անուններով: Գիւղացիք այդ պուպրիկները շալկած տունէ տուն կը պտըտէին եւ ուտելիքներ կը հաւաքէին:

Նոր տարուան սովորութիւն էր նաեւ կրակարանին մէջ գերան վառելը: Տան նահապետը կը վառէր գերանը, որ կը կոչուէր «տարեսկիզբի գերան»: Կրակը վառած կը մնար վեց օր, մինչեւ Ս. Ծնունդ: Այդ կրակը կը նորոգուէր երբ հիւրերը իրենց հետ կը բերէին ճիւղեր, որպէսզի կրակին զօրութիւն տային եւ օճախի ծուխը չմարէր, որ ընտանիքը մնար միշտ առողջ եւ խաղաղ, իսկ չարն ու վատը անհետանար իրենց կեանքէն:
Կաղանդի սովորութիւն էր նաեւ Ծնունդէն առաջ պահք պահելը: Դեկտեմբեր 29էն մինչեւ Յունուար 5ը պահքի շրջան էր: Հաւատացեալները հեռու կը մնային մսեղէն ուտելիքներէն:
Նոր տարուան շեմին, երեխաներու նախասիրած խաղն էր պարանի խաղը: Երկու խումբի կը բաժնուէին եւ պարանը աջ ու ձախ կողմ կը քաշէին: Այդ աջ ու ձախ քաշքշուքը կը խորհրդանշէր հին տարուան ու նոր տարուան իրարմէ բաժանումը:
Սովորութիւն էր նաեւ, որ Դեկտեմբեր 31ին գիշերը պատանիները եւ երիտասարդները խումբով տունէ տուն այցելեն երգելով եւ պարելով: Պատանիները գուլպաներ կամ պարկեր, կ՛իջեցնէին երդիքէն, ակնկալելով, որ զանոնք լեցուին չիր ու չամիչով կամ խմորեղէններով:
Կաղանդի օրը, հիւր եկող ամէն անձ պէտք է յիշէր կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը եւ հիւրերը պէտք էր նախ աջ ոտքով մտնէին տուն. եթէ անգիտակցաբար նախ ձախ ոտքը տանէին առաջ, կը կարծուէր ձախորդ տարի մը պիտի գար:
Փոքրիկները, Նոր տարուան առաջին առաւօտը երբ կը զարթնէին, իրենց նուէրները՝ չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, նուշ, պաստեղ, Կաղանդ պապային կողմէ տոպրակներու մէջ լեցուած կը գտնէին տան պատի ցիցերէն կախուած կամ իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ:

Կար նաեւ այլ սովորութիւն մը. Դեկտեմբեր 31ին աղբիւր երթալ եւ Նոր տարուան ջուրը կուժերու մէջ լեցուած՝ տուն բերել: Այսպէս, ամբողջ գիւղի երկսեռ երիտասարդութիւնը կը թափուէր փողոցները ու երգելով կ՛ուղղուէին դէպի գիւղին աղբիւրները: Ոմանք նոյնիսկ այդ ցուրտ օդին աղբիւրներու աւազաններուն մէջ լոգանք կ՛առնէին, քանի որ, ըստ աւանդութեան, այդ օրը ջուրերը կախարդիչ յատկութիւն կ՛ունենային եւ անհատը կրնար բժշկուիլ ֆիզիքական զանազան ցաւերէ:
Հայերը կը հաւատային նաեւ, որ հին ու նոր տարին իրարմէ բաժնուած ժամանակ ոսկի կը հոսի սափորին մէջ, եթէ մէկը զայն աղբիւրին տակ դնէ ճիշդ կէս գիշերուան ժամը 12ին:
Յունուար 1ին, սովորութիւն էր տան դուռին վրայ մեղր քսել եւ կարմիր լաթի կտոր մը կախել, որպէսզի Նոր տարին կարմիր ու քաղցր ըլլայ եւ հետեւեալ ձեւով կ՛օրհնէին. «Կարմիր շորեր հագուիս եւ կարմիր նուռեր ունենաս»:
Դեկտեմբեր 31ին սովորութիւն է նաեւ նռօրհնէքի արարողութիւնը: Ամանորի այս խորհրդանշական աւանդոյթ դարձած արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 2014էն ի վեր: Հայկական աւանդութեան մէջ նուռը՝ իբրեւ ազգային խորհրդանիշ, կը կրէ կեանքի, ծաղկունքի եւ առատութեան իմաստը:
Հայկական դիցաբանութեան մէջ Ամանորը նշուած է որպէս նոր տարուան Աստուած:
Ըստ դիցաբանութեան, Վանատուրը (պտղաբերութեան աստուածը) խնձորով կատարած է իր սիրոյ խոստովանութիւնը Ամանորին: Այս պատճառով, հին ժամանակ Նոր տարուան համար ցորենի հասքերով պատրաստուած Կենաց ծառը կը զարդարէին պտուղներով, պուպրիկներով եւ յատկապէս խնձորներով:
Կենաց ծառը պէտք էր ունենար առնուազն 12 պտուղներ, որոնք կը խորհրդանշէին սէր, հաւատք, հեզութիւն, համեստութիւն, հանգստութիւն, արութիւն, համբերութիւն, վեհանձնութիւն, սպասում, զսպուածութիւն, ողջախոհութիւն եւ նուիրուածութիւն:
Կարելի չէ չնշել Ս. Ծնունդի հետ կապուած Խթումն ու Ջրօրհնէքը, որ Յիսուսի մկրտութեան խորհուրդն է եւ մեծ արարողութիւն մըն է:
Յունուար 6ին, հաւատացեալները կը յաճախեն եկեղեցի, մասնակցելու Ս. պատարագին եւ Յիսուսի Ջրօրհնէքին: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ՛օրհնուի խմելով այդ ջուրէն եւ վերադարձին ամէն ընտանիք իր հետ կը բերէ քիչ մը օրհնուած ջուր եւ կը խառնէ տան կուժի ջուրին:

Իսկ Ս. Ծննդեան սեղանին Այդ օր կը հիւրասիրուին չիրով բրինձ փիլաւ, ձուկ, կարմիր գինի եւ կաթա: Փիլաւը կը խորհրդանշէ ժողովուրդը, չոր ծիրանն ու չամիչը՝ Աստուծոյ ընտրեալները, որոնք կը քարոզեն քրիստոնեայ հաւատքը, ձուկը՝ քրիստոնեայ ժողովուրդը, գինին՝ Քրիստոսի արիւնը եւ կլոր կաթան՝ բաժնուած 12 շերտերու, տարուան 12 ամիսները:
Իսկ ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը Ս. Ծնունդը կը տօնէ Յունուար 6ին, երբ քրիստոնեայ աշխարհի մեծամասնութիւնը Յիսուսի ծննդեան օրը կը տօնէ Դեկտեմբեր 25ին: Հին դարերուն, բազմաթիւ ժողովուրդներու մօտ մեծ ժողովրդականութիւն գտած էր Արեւ աստուծոյ պաշտամունքն ու տօնախմբութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենային Դեկտեմբեր 25ին: Որպէսզի քրիստոնէութիւնը ամրանայ ժողովուրդներու կեանքի մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցիներու հայրապետները խելացի համարեցին հեթանոսական որոշ թուականներ նոյնացնել քրիստոնէական տօնախմբութիւններուն:
Ուրեմն զանազան եկեղեցիներ Քրիստոսի մկրտութեան թուականը տօնեցին Յունուար 6ին, իսկ Ս. Ծնունդի տօնակատարութիւնը տեղափոխեցին Դեկտեմբեր 25ին, որպէսզի տօնախմբութիւնները փոխանակ արեւի եւ կրակի աստծուն ուղղէին, լոյսն ու արեւը մարմնացնող Յիսուսի ծնունդը նշէին:
451ի Քաղկեդոնի տիեզերական ժողովի ընթացքին, եկեղեցիներու մէջ նոյնութիւն մտցնելու համար որոշուեցաւ, որ բոլորը ընդունին Ս. Ծնունդը տօնել Դեկտեմբեր 25ին: Սակայն նոյն թուականին հայերը Վարդանանց պատերազմի մէջ կը գտնուէին պարսիկներու դէմ եւ բացակայելով վերոյիշեալ ժողովէն, հաւատարիմ մնացին նախապէս իրենց ընդունած թուականին եւ շարունակեցին տօնել Յիսուսի թէ՛ ծնունդը եւ թէ մկրտութիւնը Յունուար 6ին:
Խթումը՝ Ս. Ծնունդի նախորդող գիշերը, կը կոչուի նաեւ Ճրագալոյց, որովհետեւ սովորութիւն է, որ հաւատացեալները եկեղեցական արարողութեան ժամանակ ձեռքերնին վառուած մոմեր բռնեն:
Հին ժամանակ կար սովորութիւն մը նաեւ, երբ երդիքէն կ՛իջեցնէին դդում՝ մէջը մոմէ լոյս, յայտնելու համար Քրիստոսի ծնունդը:
Ծանօթ է բոլորիս, որ Խթման օրը տեղի կ՛ունենայ գիշերային պատարագ, որմէ ետք դպիրները երգելով կ՛աւետեն ըսելով՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»:
Թող Նոր տարին բերէ բարին ձեր բոլորին եւ մեր հայրենիքին պարգեւէ խաղաղութիւն եւ անկոտրում կամք, դիմակայելու բոլոր դժուարութիւնները: Մեր անհամար զոհերուն յիշատակը մնայ անթառամ ամէն մէկ հայու սրտին մէջ: Իսկ մեր սահմանապահ զինուորներուն Աստուած պահպանէ:
Անցեալէն մեզի հասած մաղթանք մը կ՛ըսէ.
Ձեր տունը մտնի հազար բարիք
Հաճար, կորեկ, ցորեն, գարի:
Լիքը հորեր շատ ունենաք
Կարմիր օրեր շատ ունենաք
Կարմիր օրով, կարմիր շորով
Ապրիք լաւ լիքը տնով: