2 Դեկտեմբերին Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ «Զուարթնոց» դպրաց դասի հիմնադրութեան 116րդ, «Զուարթնոց» երգչախումբի կազմաւորման 71րդ եւ «100 մանկանց» երգչախումբի ստեղծման 51րդ եռեակ տարեդարձները նշուեցան եկեղեցական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան։ Եկեղեցական բաժինէն ետք եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Կարօ Գաբրիէլեան, որ յորդորեց ընտանիքները, որ իրենց զաւակները առաջնորդեն երգչախումբեր, որպէսզի նոր սերունդը դաստիարակուի մայրենիով եւ տոհմիկ արժէքներով։
Լեւոն սրկ. Էօզփէմպէ խօսք առնելով՝ անդրադարձաւ դպրութեան եկեղեցանուէր ծառայութեան նիւթին։
Ձեռնակին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Մեսրոպ արք. Մութաֆեան: