ՊՈԼԻՍ.- «Թըրքիշ տէյլի նիուզ» անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պիւլէնտ Էճեւիտի յուշերուն մէջ նշուած քրտական ծրագրին, որուն համաձայն, 1960ի պետական հարուածի ղեկավարները արեւելեան Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին «լուծում մը» գտնելու նպատակով յատուկ խորհուրդ մը կազմած էին՝ հարաւարեւելեան Անատոլուի քիւրտերուն եւ Սեւ ծովու ափերէն եկող թուրքերու միջեւ փոխանակում կատարելու նպատակով։
Յուշերուն մէջ նշուած է նաեւ, թէ խորհուրդի անդամներուն նպատակն էր երկրի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան բաժիններու բնակիչները (իմա՝ քիւրտերը), պետութեան մօտեցնել եւ պետական խորհուրդներուն առաջարկել գաղտնի գործակալութիւններուն միջոցով լուծում մը գտնել հարցին։
Խորհուրդին պատրաստած տեղեկագիրը օրին փոխանցուած էր պետական հարուածի ղեկավարներուն կազմած կառավարութեան, որ վաւերացուցած էր ծրագիրը, սակայն 1961ի ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ Արդարութիւն կուսակցութիւնն ու Հանրապետականներու կուսակցութիւնները միասնաբար նոր կառավարութիւն մը կազմած էին եւ անոր թելադրած, որ յետաձգէ վերոնշեալ ծրագրին գործադրութիւնը:
Ծրագրին համաձայն, «արեւելեան ու հարաւարեւելեան շրջանները լքուած են եւ ցեղապետներ կը տիրեն ժողովուրդին վրայ՝ ստիպելով, որ ան հեռու մնայ պետութենէն»։ Ծրագրին մէջ նշուած էր նաեւ, թէ պէտք է յատուկ քայլեր առնել շրջանի քիւրտերը տեղափոխելու համար, նկատի ունենալով, որ այդպիսով կարելի կ՚ըլլայ շրջանին մեծամասնութիւնը թրքացնել։
«Միլլիյէթ»ի համաձայն, ծրագրին նպատակներէն մէկն էր նաեւ շրջանի քիւրտերը անջատել Իրաքի եւ Իրանի քիւրտերէն ու քիւրտ քաղաքապետներու ու պատասխանատուներու նշանակումը արտօնել, որպէսզի անոնք պէտք եղած քարոզչութիւնը կատարեն եւ ժողովուրդին ցոյց տան, թէ իրենք իրանեան պատկանելիութիւն չունին։
Նշենք, թէ այս տեղեկագիրը մաս կը կազմէ այն բազմաթիւ փաստաթուղթերուն եւ տեղեկագիրներուն, որոնք լոյս պիտի տեսնեն «Էճեւիտ եւ անոր գաղտնի արխիւները» խորագիրը կրող գիրքին մէջ: