Փետրուար 2ին, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց 30 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Գերմանիոյ զանազան եկեղեցիները: Այցին նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան վիճակին:
Վեհափառը գնահատեց անոնց ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայ կացութեան գծով ու ըսաւ. «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը սովորական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել: Միջին Արեւելքը ծննդավայրն է քրիստոնէութեան: Քրիստոսի լոյսը Միջին Արեւելքէն ծագեցաւ աշխարհին: Հոս է Բեթղեհէմն ու Յարութիւնը՝ իբրեւ հիմքը քրիստոնէութեան հաւատքին: Ճիշդ է, քրիստոնէութեան բաժանումը նաեւ Միջին Արեւելքէն սկսաւ, նաեւ ճիշդ է որ քրիստոնէութիւնը տագնապահար պատմութիւն մը ունեցաւ այս շրջանին մէջ, սակայն եկեղեցիները ամրօրէն կառչած կը մնան իրենց արմատներուն, աւանդութիւններուն, իրաւունքներուն ու մանաւանդ՝ քրիստոսատուր առաքելութեան»: Ապա վեհափառը անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ ներկայութեան՝ Միջին Արեւելքի մէջ: Իր խօսքի վերջին բաժինով վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան՝ շեշտելով հայութեան պահանջատիրութեան իրաւունքը: