Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագի տօնը՝ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց, սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասերուն, որոնք յանուն Քրիստոսի նահատակուած առաջին նախավկայ սարկաւագին յիշատակը ոգեկոչեցին հոգեպարար աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ:
Թեմի հոգեւոր հայրերը եւ սարկաւագները, առաջնորդութեամբ Գեղամ արքեպիսկոպոսին՝ Ս. խորանին առջեւ երկիւղածութեամբ աղօթքի կանգնեցան, ապա իրենց ուխտը վերանորոգեցին առաջնորդին պատգամախօսութեան ընթացքին:


Սրբազանը, իր խորհրդածութիւնները վերցնելով Յովհաննու Աւետարանէն՝ ներկայացուց Յիսուս Քրիստոսի հոգեվիճակը՝ երկրային իր ժամանակի վերջին օրերուն գծով եւ ակնարկելով աշակերտներուն հետ վերջին ընթրիքին՝ ըսաւ. «Վերջին ընթրիքի ճաշակումին ատեն Յիսուս յանկարծ տեղէն ելաւ, զգեստը հանեց, գոգնոց մը կապեց եւ սկսաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալ: Երբ կարգը Պետրոս առաքեալին եկաւ, ան ընդդիմացաւ՝ ըսելով. «Վարդապե՛տ, Դո՞ւն իմ ոտքերը պիտի լուաս», իսկ Յիսուս անոր պատասխանեց՝ ըսելով. «Պետրոս, դուն հիմա չես գիտեր, բայց յետոյ պիտի հասկնաս, թէ ինչո՛ւ ես պէտք է ոտքերդ լուամ»: «Յիսուս իր այս արարքով աշակերտներուն բացատրեց իրեն հետեւորդներէն ակնկալուած այն խոնարհ հոգին եւ առ մարդը ծառայական վերաբերումը, որ Տէրը ըրաւ իր աշակերտներուն, հապա որքան շատ պէտք է որ մէկդ միւսին ծառայութիւն մատուցէք, ինչպէս բացատրեց Յիսուս Քրիստոս»: Այս դրուագը կապելով Ս. Ստեփանոս նախավկային՝ առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ վերջինս այնքան սիրեց իր Տէրը, որ Անոր բոլոր պատգամները ապրեցուց իր կեանքին ընթացքին եւ ծառայութիւններ մատուցեց եկեղեցւոյ ու իր նմանին՝ յիշեցնելով նաեւ Յիսուսի այն խօսքը, ուր կ՛ըսէ, թէ՝ «ես աշխարհ չեկայ ծառայութիւն ստանալու, այլ՝ ծառայելու» եւ սրբազանը յորդորեց հոգեւոր հայրերը եւ սարկաւագները՝ ապրիլ ու գործել Յիսուսի թելադրանքներուն հաւատարիմ վկային՝ Ս. Ստեփանոս սարկաւագի օրինակով:


Յետ արարողութեան, հոգեւորականաց թափօրը առաջնորդ սրբազան հօր առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ ներքնասրահը, ուր մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան մը: