
Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիրի ստորագրութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին կողմէ Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանին կողմէ Մայա Գրիգորեանի միջեւ:
Համաձայնագրութիւնը կ՛ընդգրկէ՝
– Խորացում «մշակութային եւ գիտական-կրթական համագործակցութեան»
– Համադրում «թուային ճարտարարուեստի»
– Փոխանակում «հրատարակութիւններու թուային պատճէններու»
– Պատրաստութիւն եւ հրատարակում «մատենագիտութիւններու»
Վերջին նիւթին գծով արդէն գործնական քայլեր առնուած են եւ միասնական ճիգերով կ՛արդիւնաւորուին մինչեւ 2025ի աւարտը: