Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ազգային Երեսփոխանական եւ Կրօնական ժողովներու դիւանները, Ազգային վարչութեան անդամները եւ Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչները, Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբերի միջօրէին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեցին Սուրիոյ նոր իշխանութեան Քաղաքական խորհուրդի Հալէպի ղեկավարութեան պատասխանատու Մուհամմետ Մսաթաթը եւ ապահովական գրասենեակի պատասխանատու Լուէյ ալ-Սայէտը, որոնց կ՛ընկերակցէր Լատին համայնքի առաջնորդ Հանա Ճալլուֆը:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ հայութեան պատմական գոյութեան եւ տարիներով սուրիահայութեան բերած մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարածքին գոյութիւն ունեցած հայաբնակ աւաններուն:
Խօսուեցաւ թեմի ընդհանուր կառոյցին, նաեւ նահանգներուն մէջ թեմին հովանաւորութիւնը վայելող կառոյցներուն եւ կրօնական համարատուութեան մասին:
Այցելուները խօսեցան ներկայ կացութեան մասին՝ վստահեցնելով, որ միասնաբար ձեռք-ձեռքի տալով պիտի վերակառուցեն Սուրիան:
Այցելուները անհրաժեշտ նկատեցին յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք համագումարին սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչ տարրերուն մասնակցութիւնը՝ միասնաբար քննարկելու եւ գործնական քայլերով Սուրիոյ բարգաւաճման գործընթացին նպաստելու:
Հիւրերը յայտնեցին, որ քաղաքի ապահովութեան համար կարգաւորած են քաղաքացիներէ բաղկացած խմբակներ, որոնք ապահովական կեդրոններուն հետ համագործակցաբար պիտի հսկեն թաղամասերը: Այս ուղղութեամբ, անոնք գնահատեցին սուրիահայ համայնքի տղոց կամաւոր մասնակցութիւնը քաղաքի թաղամասերու ապահովութեան ի նպաստ տարուող գիշերային հսկողութեան աշխատանքին: