Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ Հինգշաբթի, 16 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ «Սբ. Ներսէսի Շնորհալւոյ Տաղք» հատորին առցանց ներկայացումը։
Բանախօսը հատորին հեղինակը՝ դոկտ. Ճեսի Սիրական Արլէնն է, որ Շնորհալիի տաղերը անգլերէնի թարգմանած եւ ծանօթագրած է։
Ներկայացման կարելի է հետեւիլ Zoom հարթակին միջոցով (Meeting ID: 864 7185 3213, Passcode: 406800)։