«Թուրքիոյ յարձակումները պէտք չէ անպատիժ կամ առանց հաշուետուութեան մնան», յայտարարեց Սուրիոյ մէջ Քրտական ինքնակառավարման վարչակազմը:
Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը յայտնեց, որ Մընպեճի շրջանին մէջ քիւրտերու առաջնորդած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին վերջիններուս 23 անդամներ սպաննուած են, իսկ քրտական գլխաւորութեամբ ուժերէն մէկ անձ զոհուած է:
Դիտարանը կը նշէ, որ Մընպեճ քաղաքին հարաւը գտնուող Աթշանէ եւ Մասթահա գիւղերու ճակատին վրայ բուռն բախումներ կ՛ընթանան, իսկ թրքական ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ ծանր հրետանիով ռմբակոծումներ կը կատարեն: