
6 Յունուարին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօները, որոնց նուիրուած Ս. պատարագը մատուցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը։
Պատարագին ընթացքին կաթողիկոսը «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» աւետիսով ողջունեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ իր քարոզին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Աստուածորդու հրաշափառ Սուրբ Ծնունդը անճառելի խորհուրդ է` մտքին անհասանելի, բայց հաւատքով ճանաչելի եւ ընկալելի: Փրկիչը խոնարհուեց եւ մարմին առաւ նիւթականից դէպի հոգեւորն ու աստուածայինը բարձրացնելու մարդկային սրտերն ու մտքերը»:
Կաթողիկոսը նշեց, որ Քրիստոսին ընդառաջ երթալը եւ անոր պատուիրաններով ապրիլը վեհ ու զօրաւոր կը դարձնեն անհատներն ու ժողովուրդները՝ արժանի աստուածային պարգեւներու եւ օրհնութիւններու:

«Աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ ծանր փորձութիւնների ենթարկուեց մեր ժողովուրդը` բռնազաւթուեց եւ հայաթափուեց Արցախը, գրաւուած են մնում Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, տակաւին գերութեան մէջ են եւ անյայտ կորած մեր բազում զաւակներ, Ադրբեջանի կողմից շարունակում են հնչեցուել նորանոր պահանջներ ու սպառնալիքներ: Այսօր մեր երկիրը խռովայոյզ է ներքին խնդիրներով` կեղծիք, անօրինականութիւն, չարակամութիւն, քինախնդրութիւն, արատաւոր երեւոյթներ, որոնք հասարակութեան մէջ պատճառ են դառնում անվստահութեան, անտարբերութեան, թշնամանքի ու պառակտումի եւ յանգեցնում ազգի տկարացման: Այս ամէնին զուգընթաց քրիստոնէական բարոյական ընկալումների եւ ազգային-հոգեւոր աւանդական արժէքների խեղաթիւրումը աղճատում է մեր ժողովրդի ինքնութեան դիմագիծը, թուլացնում ազգային ոգին, ներքաշում դէպի մեղքի, յուսահատութեան որոգայթներ: Սուրբ Ծննդեան խորհրդով մեզ վերստին երկնային հրաւէրն է ուղղւում` ընթանալու սիրոյ, հաշտութեան, արդարութեան տէրունաւանդ ճանապարհով: Այս կոչը իրագործելի է միայն քրիստոնէական կենսակերպով: Այս կոչը իրագործելի է, եթէ անձնական բարեկեցութեանն ու յարմարաւէտութեանը չզոհաբերենք մեր ինքնութիւնը, ժողովրդի անվտանգութիւնն ու հայրենիքի բարօրութիւնը: Չենք կարող ծառայել համընդհանուր բարիքին` տրուելով փառասիրութեանն ու իշխանատենչութեանը եւ առաջնայնութիւն տալով սեփական շահերին: Մենք` որպէս ազգ, լինի հայրենիքում, թէ Սփիւռքում, կը յաջողենք, եթէ միշտ հաւատարիմ մնանք Քրիստոսին, Նրա վարդապետութեանը, ընթանանք Աստծոյ Խօսքի եւ աստուածային կամքի համաձայն, ձերբազատուենք մոլորեցնող ու բաժանարար մարդկային նենգամտութիւնից: Միաբանուենք յանուն մեր պետութեան անսասանութեան եւ անվտանգութեան, Արցախից բռնի տեղահանուած մեր քոյրերի ու եղբայրների նկատմամբ արդարութեան վերականգնման, յանուն մեր ազգի ու հայրենիքի ապահով եւ բարօր յարատեւութեան: Լինենք միմեանց գործակից եւ ոչ` հակառակորդ, լինենք նախանձախնդիր ծառայելու եւ ոչ` դիրքն ու հանգամանքը չարաշահելու մէջ: Տարագիր չդառնանք մեր երկրից, ապրենք ու արարենք մեր հարազատ բնօրրանում», շեշտեց Գարեգին Բ.ը եւ եզրափակոլով՝ ըսաւ. «Սուրբ Ծննդեան հոգենորոգ այս օրը միասնաբար աղօթք մատուցենք մարդեղացեալ Աստուածորդուն եւ հայցենք, որ առատ լինեն երկնահեղ օրհնութիւնները ազգային ու հայրենական մեր անդաստանում, հաստատուն մնան տէրունաւանդ հաւատքը, յոյսն ու սերը մեր կեանքում: Խնդրենք Երկնաւոր Տիրոջ զօրակցութիւնը մեծ կորուստներ կրած եւ հարազատ բնօրրանից զրկուած արցախահայութեանը: Խնդրենք Ամենակալից, որ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն հաստատուի ողջ աշխարհում եւ հայրենի մեր երկրում: Թող Աստծոյ ամենախնամ Աջը եւ Սուրբ Ծննդեան կենարար շնորհները մշտապէս հովանի լինեն համայն մեր ժողովրդին այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն»:
Յաւարտ Սուրբ պատարագի կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը: