ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայկական երկաթուղի»ն հաւատարմագրային կառավարումը յանձնուեցաւ «Ռուսիոյ երկաթուղիներ» ընկերութեան, որ կը պատրաստուի 30 տարուայ ընթացքին ներդնել մօտ 570 միլիոն տոլար:
Այս առնչութեամբ Յունուար 16ին Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեան եւ «Ռուսիոյ երկաթուղիներ»ու նախագահ Վլատիմիր Եաքունին ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր, ըստ որուն մէկ ամսուան ընթացքին պէտք է մշակեն հաւատարմագրային պայմանագիրը:
Յուշագրի ստորագրման արարողութեան աւարտին Եաքունին նշեց, որ «Հայկական երկաթուղի»ն կառավարման վերցնելը օրինաչափ է, քանի որ ԱՊՀ երկիրներու երկաթուղիները կապուած են իրար հետ եւ կ’աշխատին միեւնոյն չափանիշներով:
Անդրադառնալով Իրան-Հայաստան երկաթուղագիծի կառուցման նախագիծին, Եաքունին յայտնեց, որ ռուսական կողմը պատրաստ է յաւելեալ ներդրումներ կատարել այն իրականացնելու համար:
Յայտնենք, որ Յունուար 16ին«Ռուսիոյ երկաթուղիներ»ու նախագահ Վլատիմիր Եաքունին հանդիպումներ ունեցաւ Նախագահ Քոչարեանին եւ վարչապետ Սարգսեանին հետ: