ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ Յունուար 16-17ին տեղի ունեցած «ՓոստԵւրոպա»ի լիակազմ ժողովին «Հայփոստ»ը այս կառոյցի անդամ ընդունուեցաւ՝ դառնալով «ՓոստԵւրոպա»ի 45րդ անդամը եւ առաջին անդամը Հարաւային Կովկասէն:
Ժողովի ընթացքին «Հայփոստ»ը պաշտօնապէս ստորագրեց եւ ընդունեց իր անդամակցութիւնը «ՓոստԵւրոպա»ին: «Այս ցանցի մասը դառնալով «Հայփոստ»ն ու Հայաստանը եւրոպական քարտէզին մէջ իրենց տեղը կ’ունենան՝ ապահովելով գործակցութիւն եւ նորամուծութիւն, ինչպէս նաեւ որակ եւ արդիւնաւէտութիւն, յայտարարեց ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի արտաքին կապերու գիծով տեղակալ Լառա Չոլակեանը:
Յայտնենք, որ «Հայփոստ»ը, հետեւելով «ՓոստԵւրոպա»ի կողմէ ներկայացուող կանոնակարգիչ, ընկերային, շահագործման եւ շուկայական զարգացումներուն, կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ ոլորտի եւրոպական հատուածին վրայ եւ որակի ծրագիրները կը կատարելագործուին «ՓոստԵւրոպա»ի աջակցութեամբ: