Լաւատեղեակ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժումին միջեւ միջնորդութիւն կատարող Քաթարի իշխանութիւնները Երեքշաբթի օր երկու կողմերուն յանձնեցին Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու նպատակով զինադադար հաստատելու եւ իսրայէլացի ու պաղեստինցի գերիները ազատ արձակելու համաձայնութեան «վերջնական նախագիծ»ը:
Պաշտօնատարը նշեց, որ բեկումը յառաջացաւ Տոհայի մէջ, իսրայէլեան հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներուն, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտըլռահման պըն Ճասեմ Թանիի միջեւ բանակցութիւններուն հիման վրայ:
Չորեքշաբթի օր, երեք ամերիկացի պաշտօնատարներ եւ «Համաս»ի ներկայացուցիչ մը հաստատեցին, թէ ժամանակաւոր զինադուլ մը հաստատելու, որոշ թիւով գերիներ ազատ արձակելու եւ պաղեստինցիներուն յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելը արտօնող համաձայնութիւն գոյացած է, սակայն իսրայէլացի պաշտօնատար մը պնդեց, թէ մանրամասնութիւններու քննարկումը կը շարունակուի։
Աւելի ուշ, կարգ մը աղբիւրներ «Պի.Պի.Սի.»ն եւ «Սի.Պի.Էս.»ին հաստատեցին, թէ համաձայնութիւնը գոյացած է, սակայն վերջնական մանրամասնութիւնները տակաւին չեն հրապարակուած։