Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճիի հրամանագիրով Մոհամմետ Ռեզա Ռաուֆ Շէյպանին նշանակուեցաւ Սուրիոյ գծով յատուկ բանագնաց: Այս մասին կը հաղորդէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հրամանագիրը կ՛ընդգծէ Սուրիոյ կարեւորութիւնը` իբրեւ արեւմտեան Ասիոյ առանցքային երկիր, եւ շրջանային ապահովութեան համար Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը կարեւոր կը նկատէ:
«Սուրիա Արեւմտեան Ասիոյ մէջ կարեւոր երկիր է. Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, ընդունելով Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ հանգստութեան կարեւորութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը՝ շրջանային խաղաղութեան եւ ապահովութեան վրայ, կը շեշտէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման ու սուրիացի ժողովուրդի կամքը եւ ձգտումները յարգելու անհրաժեշտութիւնը` առանց անոր ճակատագիրին որոշման հարցին մէջ օտարերկրեայ միջամտութեան կամ ներկայութեան», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, որ նաեւ կ՛ընդգծէ, թէ Շէյպանիին յանձնարարուած է խորհրդակցիլ բոլոր համապատասխան կողմերուն, ներառեալ շրջանի բարեկամ երկիրներուն հետ, կատարել իր պարտականութիւնները եւ արդիւնքները պարբերաբար զեկուցել արտաքին գործոց նախարարին: