
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ 9րդ «Զարմանազան» ամառնային արեւմտահայերէն ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու Օթ-Սավուա շրջանին մէջ՝ 11 Յուլիսէն 6 Օգոստոս 2025։
Ծրագիրը կը հիմնուի երեք սիւներու վրայ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու՝
– 10էն 17 տարեկան պատանիներու յատուկ ծրագիր մը։
– 18էն 24 տարեկան երիտասարդներու յատուկ ծրագիր մը։
Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն պիտի մասնակցին զանազան աշխատանոցներու ի շարս որոնց՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, փիլիսոփայութեան, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։
Մասնագէտ եւ տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ, բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներուն ընթացքին, յարաբերելու եւ հաղորդակցելու լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը։ Երիտասարդներու խումբին մասնակցողները պէտք է առնուազն միջին մակարդակով հայերէն գիտնան։
Այս երկու ծրագիրներուն մասնակցողներու թիւը սահմանափակ է։ Երրորդ սիւնը՝
– Համալսարանական ծրագիր մը՝ Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն համար։
Այս մէկը խտացեալ ծրագիր մըն է, որուն աւարտին Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկը («Ինալքօ») կու տայ վկայագիր մը։ Ծրագիրը կ՛առաջարկէ թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն, թէ՛ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ, որոնց կ՛ուղեկցին մասնագէտ դասատուներ։ Ծրագիրը առաւելագոյնը 15 ուսուցիչներ կրնայ ընդունիլ։
Դիմումները կ՛ընդունուին մինչեւ 21 Փետրուար, Կրինիչի միջին ժամով՝ ժամը 23ին։
Ձեր դիմումը կրնաք կատարել՝ այցելելով կայքը։
«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը կազմուած է 2017ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ՝ իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրին մէկ բաժինը։ Անիկա կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ «Ինալքօ»ի հետ համագործակցութեամբ։
Ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի կրթական նախարարութեան կողմէ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: