Հայ կրթական հիմնարկութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 1 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Ֆաուլըր» թանգարանի սրահին մէջ (308 N. Charles E. Young Dr., Los Angele, CA 90095) տեղի պիտի ունենայ միջդպրոցական վեցերորդ ճարտասանական մրցումը, որ այս տարի կ՛իրականացուի նշեալ համալսարանին Աշխարհի լեզուներու կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ։
Մրցումին պիտի մասնակիցին երկրորդական եւ միջնակարգ վարժարաններէ աշակերտներ, որոնք ճառերը պիտի արտասանեն հայերէնով կամ անգլերէնով:
Այս տարի, մրցումին պիտի մասնակցին Մանուկեան-Տեմիրճեան, Մեսրոպեան, Պլէր, Մերտինեան, Շամլեան, Ֆերահեան, Փիլիպոս եւ Ուիլսըն վարժարանները:
Ճարտասանական մրցումի յանձնախումբի ատենապետ Տալիա Պարսամեան կը յայտնէ, թէ սոյն ձեռնարկին նպատակը՝ հայ աշակերտներուն մօտ զարգացնելն է հանրային ճառախօսութեան արուեստը, որ իրենց ապագայ ասպարէզներուն մէջ յոյժ օգտակար կրնայ ըլլալ՝ աւելցնելով, որ անիկա մէկ մասնիկն է աշխարհի տարածքին հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու նեցուկ կանգնելու՝ հիմնարկութեան առաքելութեան։
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.aefweb.org կայքը: