

19 Յունուարին, Հրանդ Տինքի սպանութեան վայրին մէջ՝ այն շէնքին առջեւ, ուր 18 տարի առաջ կը գտնուէր «Ակօս» թերթի խմբագրատունը, հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ ոգեկոչուեցաւ թերթին սպաննուած խմբագիրին յիշատակը:
Ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցան շարք մը պատգամներ։
Էրարսլան Սաղլամ կարդաց Օսման Քաւալայի Նոյեմբեր 2017ի ուղերձը, որուն մէջ ան կ՛ըսէր հետեւեալը. «Հակառակ սպանութիւններուն, ջարդերուն եւ բռնութեան բոլոր ձեւերուն՝ կը շարունակեմ յուսալ, որ պիտի տեսնենք այն օրը, երբ խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը պիտի յաղթանակեն։ Արդարութիւն կը պահանջեմ Հրանդի եւ մեր բոլոր քաղաքացիներուն համար»։
Այս տարուան գլխաւոր բանախօսը հայ գրականութեան եւ մշակոյթի նշանաւոր դէմքերէն Թագուհի Թովմասեանն էր: «Ի՞նչ էր անոր «յանցանք»ը։ Ակնյայտ էր մարդոց հանդէպ անոր սէրը, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ կիրքը, խօսքի ազատութեան հանդէպ ունեցած ամուր հաւատքը, եւ այս բոլորին վրայ՝ երկու ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան ջատագով մը ըլլալով՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման կոչ ընելը… Եւ այս բոլորէն վեր, ան ունէր Աստուածատուր շնորհք մը՝ ուրիշները համոզելու կարողութիւնը, որ շատերը խորապէս կը վախցնէր», ըսաւ Թովմասեան։
Ներկաները՝ «Յիշողութիւն», «Կեանք», «Ճշմարտութիւն», «Արդարութիւն» վերտառութեամբ հայերէն, թրքերէն եւ քրտերէն պաստառներ պարզած էին եւ վանկարկեցին՝ «Հոս ենք Ախպարիկ», իսկ բարձրախօսով սփռուեցան Հրանդ Տինքի ելոյթներէն հատուածներ։