Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ուզպեքստանի միջեւ եռակողմ գործիքակազմի երկրորդ հանդիպումը` արտաքին գործոց նախարարներու ձեւաչափով:
Հանդիպումէն ետք տրուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կատարուած շարք մը յայտարարութիւններուն մէջ ուշագրաւ էր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի նշումները, թէ՝ «ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումէ (նկատի ունի Արցախը – Խմբ.) ազատագրումը նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ տնտեսական համագործակցութեան համար՝ աւելի լայն աշխարհագրութեան մէջ»։
Ան յայտնեց, որ ինքնին այս տարածաշրջանով կ՛անցնի Միջին Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի նոր երակը, եւ անոր մեծ հեռանկարները ակնյայտ են:
Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ աշխատանքներու աւարտը` ըսելով. «Մտահոգիչ են տարածքային պահանջները եւ վրէժխնդրական միտումները, որոնք մնացած են Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ եւ Ատրպէյճանի վերաբերող այլ իրաւական փաստաթուղթերու մէջ»: Պայրամով աւելցուց, որ երեք երկիրներուն միջեւ երթեւեկի հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ ընդունուած ճանապարհային քարտէսի մը հիման վրայ պիտի իրականացուին շարք մը նախագիծեր:
Պայրամովի յայտարարութիւնները ուղղակիօրէն կապ ունէին Իլհամ Ալիեւի օրեր առաջ կատարած յայտարարութիւններուն հետ, որոնց մէջ ան կը պահանջէր Հայաստանի տարածքով չվերահսկուող միջանցք մը:
Նշենք, որ Պայրամովի խօսքերը՝ «նոր զարկերակներու» մասին արտացոլացումն են եռակողմ հանդիպումի արդիւնքներուն: Անոր մասնակցողները որդեգրեցին հռչակագիր մը, որուն կէտերը, այլ բաներու կողքին, կը նախատեսեն «գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վնասող փորձերու դէմ միացեալ միջոցներ», «միջին միջանցքի արդիւնաւէտութեան եւ մրցունակութեան բարձրացում», «աջակցութիւն Ատրպէյճանի ազատագրուած տարածքներուն մէջ` Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի շրջաններուն մէջ վերականգման եւ ականազերծման աշխատանքներուն»: