Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը պիտի յանգեցնէ Երեւանի` Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) դուրս գալուն եւ երկրին դիմաց ԵԱՏՄ շուկայի փակման, փոխանցեց «Թասս»ը՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ փոխվարչապետին յայտարարութիւնը:
«Լուծումը շատ ակնյայտ է. Եւրոպական Միութեան հետ շուկաներու բացումը պիտի նշանակէ շուկաներու փակում Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ: Հակառակ պարագային պիտի տուժեն Եւրասիական տնտեսական միութեան մեր արտադրողները, այդ մէկը ակնյայտ է», ըսաւ Օվերչուք՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի համար Եւրոպական Միութեան հետ ներածումի մաքսային դրոյքաչափերու զերոյի հաւասարեցումը ինքնաբերաբար պիտի նշանակէ վերադարձ՝ ԵԱՏՄի հետ մաքսային սակերուն: «Մեզի համար, անշուշտ, ասիկա ազդանշան է, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու սկիզբը ԵԱՏՄէն դուրս գալու սկիզբն է», նշեց Օվերչուք ։
Ան վստահ է, որ այս բանը բացարձակապէս ակնյայտ է ոեւէ անձի համար, որ նոյնիսկ քիչ մը ծանօթ է այս երկու համարկման միութիւններու կառոյցին:
«Անոնք (Հայաստանը) շատ լաւ գիտեն, որ հետեւանքները այսպիսին պիտի ըլլան. այստեղ ոչ ոք պէտք է պատրանքներ ունենայ», շեշտեց Օվերչուք, ըստ որուն այն անձերը, որոնք ներկայիս Հայաստանի մէջ ընթացող քննարկումներու մէջ են եւ կը պնդեն, որ իբր թէ կարելի պիտի ըլլայ լուծում մը գտնել, մեղմ ասած, կը մոլորեցնեն հայ ժողովուրդը:
Օվերչուք նաեւ նշեց, որ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը երկար պիտի տեւէ եւ կոչ ուղղեց՝ սպասելու այս հարցով Հայաստանի խորհրդարանին մէջ լսումներու արդիւնքներուն:
Օվերչուք, անդրադառնալով նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄի հետ Հայաստանի տնտեսական ցուցանիշներուն՝ յայտնեց, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներուն հետ Հայաստանի ապրանքներու շրջանառութիւնը կ՛աճի, իսկ Երեւանի առեւտուրը կը նուազի Եւրոպական Միութեան հետ:
«Հայաստանի հետ տնտեսական ուղիին վրայ իրավիճակը շատ լաւ է: Հայաստան աշխոյժ դեր կը խաղայ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ եւ ինքնիրեն կառուցողական կը պահէ: Ինչպէս բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ, Հայաստան Եւրասիական տնտեսական միութեան հիմնական շահառուն է», ըսաւ Օվերչուք, ըստ որուն, նախորդ տարի, Հայաստանի առեւտուրը ԵԱՏՄի հետ 12 միլիառ տոլար էր, ինչ որ քանի մը անգամ կը գերազանցէ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի առեւտուրի ծաւալը:
Օվերչուք նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մասին՝ դիտել տալով, որ Մոսկուա լաւ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցին մէջ։
«Շատ մեծ, լաւ յառաջընթաց արձանագրուած է: Սահմանին մէկ մասը սահմանազատուած եւ սահմանագծուած է: Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ, որքան որ գիտեմ, վերջերս հանդիպում մը ունեցան եւ պայմանաւորուեցան սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի սկսելու. անոնք պիտի ուղղուին հիւսիսէն հարաւ` Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի սահմաններու խաչմերուկէն, եւ պիտի երթան դէպի հարաւ», յայտնեց Օվերչուք:
Ըստ անոր՝ Ռուսիա միշտ ողջունած է այսպիսի կապերը եւ համատեղ աշխատանքը, որովհետեւ անոնք պիտի նպաստեն տարածաշրջանի կայունութեան:
«Ռուսիա ունի համապատասխան քարտէսագրական նիւթեր, զորս անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է տրամադրել՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման մէջ ներգրաւուած կողմերուն խնդրանքով», ըսաւ Օվերչուք: