Հայաստանի իշխանութեան շրջանակներէն դարձեալ կը հնչեն այնպիսի մտածումներ, որոնք կրնան նոր եւ անիմաստ վէճերու դուռ բանալ: Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի վարչապետին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վերջերս կատարած ակնարկութեան: Այս գծով, CILICIA TV-ն ուզեց Արամ Ա. կաթողիկոսին տեսակէտը ունենալ:
Ծանօթ է, որ վեհափառը իր պատգամներուն եւ հրապարակային խօսքերուն, Հայաստանի անցեալի թէ ներկայի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան, իր հայեցողութեամբ թերի ու վնասաբեր երեւոյթներուն եւ անոնց հետեւանքներուն յաճախ անդրադարձած է յստակօրէն ու շեշտակիօրէն` միշտ մեկնելով մեր ազգին եւ հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն:
Պատասխանելով CILICIA TV-ի հարցումին` կաթողիկոսը ըսաւ. «Կը զարմանանք, թէ Հայաստանի վարչապետը, խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` հարցադրումներ կը կատարէ առնչուած անոր ներքին ու արտաքին պատճառներուն ու հետեւանքներուն, եւ իր այս մօտեցումով փաստօրէն քննարկելի կը դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու անհերքելի փաստը: Ծանօթ է բոլորին, պատմագէտներ, ցեղասպանագէտներ ու Օսմանեան կայսրութեան մասնագէտներ իրենց յստակ փաստերով արդէն իսկ հաստատած են Հայոց Ցեղասպանութեան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու իրողութիւնը: Միջազգային օրէնքի ու մարդկային իրաւանց մասնագէտներ, իրենց կարգին, պարզած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական հետեւանքները: Եւ, աւելին, չմոռնանք Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի համազգային յայտարարութեան մէջ կատարուած յստակ արտայայտութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»:
Ապա, վարչապետին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարուած հարցադրումներուն ակնարկելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Նման մօտեցումներ, ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ, օտարի ջաղացքին ջուր կու տան: Հայոց Ցեղասպանութեան քննութիւնը պատմաբաններու յանձնելու առաջարկը Թուրքիոյ գաղափարն է: Մօտեցում մը, որ մեզի համար անընդունելի եղած է եւ է՛։ Հայոց Ցեղասպանութեան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու պատմական իրողութիւնը վիճելի եւ, հետեւաբար, քննելի նիւթ չէ` նոյնիսկ պետութիւններ, խորհրդարաններ ու միջազգային կազմակերպութիւններ հաստատած են անոր հեղինակին ով ըլլալը: Արդ, այս հանգրուանը անցած ենք եւ փաստօրէն կը գտնուինք հատուցման իրաւական հանգրուանին մէջ, որուն առաջին քայլը հանդիսացաւ 2015ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատը` ուղղուած Թուրքիոյ պետութեան` պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը»:
CILICIA TV-ի հետ ունեցած կարճ հարցազրոյցը վեհափառ հայրապետը եզրափակեց` յիշեցնելով․ «Իրապաշտ քաղաքականութենէ մղուած, համազգային արժէքներու ու խորհրդանիշերու գծով հարցադրումներ կատարելով ու հակասութիւններ ստեղծելով, փաստօրէն անիմաստ վէճերու առիթ կու տանք: Պէտք է ըլլալ զգո՜յշ: Կ՛ապրինք վտանգներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմանները երբե՛ք նպաստաւոր չեն մեզի: Հետեւաբար, մեր ջերմ թելադրանքն է, որ հեռու մնանք հայ կեանքին մէջ նոր ճեղքեր յառաջացնող մօտեցումներէ ու մտածումներէ: Աւելի քան երբեք ազգային ուժերու համախմբումը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի, համահայկական օրակարգի մը շուրջ հրամայական է, ինչպէս յաճախ շեշտած ենք», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը: