Լոս Անճելըսը հարուածած հսկայածաւալ հրդեհները մեծ վնասներ պատճառեցին շրջակայքի ժողովուրդին եւ բնակարանային, աշխատանքային թէ կրթական կառոյցներու, որոնց շարքին յատկապէս նշանակելի է Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանին ամբողջութեամբ հրոյ ճարակ դառնալը: Հարիւրաւոր հայ աշակերտներ ոչ միայն կորսնցուցին իրենց սիրելի վարժարանը, այլեւ իրենց ընտանիքներուն հետ մատնուեցան հոգեկան եւ նիւթական ծանր կացութեան:
Ազգային առաջնորդարանը՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, առաջին օրէն մօտէն հետաքրքրուեցաւ վարժարանի իրավիճակով եւ ցաւ արձանագրեց հայակերտ այս վարժարանի կորուստին նկատմամբ, ապա նաեւ գոհունակութեամբ ողջունեց այս վարժարանի վերաբացման որոշումը՝ թէկուզ առժամապէս ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի տարածքին վրայ, Փասատինայի մէջ:
Այս ծիրին մէջ, գոհունակութեամբ կը յայտարարենք, որ համախորհուրդ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին հետ, առաջնորդը եւ Ազգային վարչութիւնը սիրայօժար հոգացին Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի աշակերտութեան դասագիրքերու կարիքները, տրամադրելով վարժարանի մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ կարգերու աշակերտներուն բոլոր լեզուի դասագիրքերը իրենց աշխատանքային տետրակներով, ինչպէս նաեւ 4րդէն մինչեւ 8րդ կարգերու աշակերտութեան հայոց պատմութեան դասագիրքերը եւ աշխատանքային տետրակները, իբրեւ դոյզն արտայայտութիւն հայ դպրոցի առաքելութիւնը անխափան պահելու մեր հաւատքին, ինչպէս նաեւ հայ աշակերտին ուսումնական կեանքին ընթացքը հեզասահ շարունակելու ազնիւ մտածումին:
Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութիւնը ամենայն բարիք կը մաղթեն Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին յայտնելով, թէ իրենք յոյս ունին, որ տագնապալի այս օրերը պիտի ըլլան կարճատեւ եւ մեր աշակերտները եւ անոնց ընտանիքները պիտի շրջանցեն դժուար այս օրերը ու պիտի վերադառնան բնականոն կեանքի: