Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդներու հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, Երեքշաբթի, 28 Յունուարին, հիւրընկալութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, եւ մասնակցութեամբ Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Պարսամեանի: Սոյն հանդիպումը եկաւ վերահաստատելու երեք թեմերուն եւ անոնց առաջնորդներուն եղբայրական սերտ համագործակցութիւնը՝ յօգուտ մեր ժողովուրդի զաւակներու քրիստոնէական առողջ կրթութեան եւ թեմական մակարդակներով հոգեւոր ու վարչական ծառայութիւններու առաւել ծաղկման եւ զօրացման:
Ժողովը սկիզբ առաւ երեք առաջնորդներուն աղօթքով, որմէ ետք անոնք քննարկեցին օրակարգային կարեւոր նիւթեր:
Առաջնորդները նախ հանգամանօրէն քննարկեցին 2025-2026 տարիներուն ընթացքին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմեր կատարելիք հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան ծրագրերը եւ մանրամասնութիւնները:
Առաջնորդները նաեւ անդրադարձան 2025ի ընթացքին Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ. արքեպիսկոպոս Մաշալեանի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմեր օրհնաբեր այցելութեան մանրամասնութիւններուն:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան խորքային զեկուցում մը ներկայացուց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին հովանաւորած «Հաստատութենական Նորարարութեան» (Institutional Innovation) երկարաժամկէտ ծրագիրի աշխատանքներուն մասին։ Ապա, սրբազանները կարեւորութեամբ քննարկեցին վերապատրաստութեան ուսումնական նոր ծրագիրները, որպէսզի հնարաւորութիւն տրուի աշխարհականներուն՝ մասնակցելու եկեղեցւոյ հոգեւոր ու կրթական դաստիարակութեան նուիրական առաքելութեան։
Այնուհետեւ, մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւորականաց պատրաստութեան հարցին: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ թեմերու հովանաւորութիւնը վայելող Ս. Ներսէս ընծայարանի եզակի առաքելութիւնը, արծարծուեցաւ քահանայութեան թեկնածուներու հաւաքագրման հանգամանքը, անոնց հոգեմտաւոր պատրաստութիւնը ու զարգացումը: Այլ հարցերու կողքին, ժողովի նիստերու օրակարգին վրայ մասնաւոր տեղ ունեցան ամառնային ճամբարները, երիտասարդական համախմբումները եւ բոլոր յարակից մարմիններու եզակի ներդրումը, եւ անգամ մը եւս շեշտուեցաւ բոլորին ներգրաւումը եւ մասնակցութիւնը մեր եկեղեցւոյ աստուածանուէր ծառայական առաքելութեան:
Նիստերուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւս օրակարգի նիւթ դարձաւ: Այս ծիրին մէջ խօսուեցաւ իրականացած զանազան ծրագիրներու մասին, ինչպէս՝ քրիստոնէական ուսուցում, Սուրբ Գրային սերտողութիւններ եւ հոգեւոր գիրքերու հրատարակութիւն. անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ապագային կատարուելիք տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին: Կիրակնօրեայ դպրոցներու կողքին շեշտուեցաւ նաեւ Շաբաթօրեայ դպրոցներուն եզակի առաքելութիւնը:
Նիստերուն աւարտին, երեք հոգեւոր առաջնորդները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ անսասան պահելու մայրենի Սուրբ եկեղեցին եւ Հայաստան աշխարհը, մաղթելով, որ Աստուած արեւշատ օրեր պարգեւէ հայոց հայրապետին եւ անշէջ պահէ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ բազմադարեան հարուստ ժառանգութեամբ զօրացած ու ամրապնդուած շարունակելու մեր կեանքին ընթացքը:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ