
Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5էն 8, Սան Ֆրանսիսքոյի «Լայքա» հաստատութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ Տիանա Մարկոսեանի լուսանկարներու հատորին ներկայացումը, Թատ Հիտոյի եւ Մարկոսեանի միջեւ հանրային զրոյցի մը ընդմէջէն։
Անցեալ տարի, «Էփըրչըր»ի կողմէ հրատարակուած Մարկոսեանի Father («Հայր») հատորին լուսանկարները տասնամեակի մը ընթացքին առնուած են Տիանայի հօր Հայաստանի բնակարանին կամ անոր տարածքին մէջ։
«Լայքա» հաստատութեան հասցէն է՝ 463 Bush St., San Francisco, CA 94108։
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։