Վրաստանի նախագահի նստավայրի հանդիսութիւններու սրահէն Եւրոպական Միութեան դրօշակը վերցուած է: Նոր նախագահ Միխայիլ Քաւելաշվիլի հոն պահած է միայն պետական դրօշակը եւ նախագահական դրօշակը, կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը:
Ըստ Վրաստանի օրէնսդրութեան՝ նախագահի ետին պէտք է ըլլայ պետական դրօշակը եւ նախագահական դրօշակը, որուն վրայ պատկերուած է պետական զինանշանը:
Վրաստանի հինգերորդ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի նշեալներուն կողքին տեղադրած էր նաեւ Եւրոպական Միութեան դրօշակը` ընդգծելու համար երկրին եւրոպական ձգտումները: